ԼԻԶԱ ՃԻԿԷՐԵԱՆ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
«Խորհուրդ մարդկանց, կամքն Աստուծոյ»

Մեր ապրած սուգն ու ցաւը սիրոյ կորուստի զգացում մըն է եւ կը ստիպէ մեզի մտաբերելու, որ արդեօք կորուսեալի մը ապրած օրերուն կրցած ենք բաւարար չափով արտայայտել անոր հանդէպ մեր ունեցած սէրն ու յարգանքը:
Սէրան, վստահ եմ, որ կը գիտակցէր, թէ սիրուած անձնաւորութիւն մըն էր: Աստուածատուր ձիրքերով օժտուած, հեզահամբոյր ու ազնիւ հոգիի տէր անձ մըն էր: Կը յիշեմ զինք երբ առաջին անգամ տեսայ՝ Յովսէփեան վարժարանին անցքին մէջ: Շաղիկը՝ իր «երկրորդ մայր»ը, Սէրան ու մայրը՝ Ճենին, բերած էր դպրոց արձանագրութեան: Փայլուն աչուկներով, ամօթխած ժպիտով, շէկ եւ անուշիկ ձագուկը յիշեցուց ինծի իր հօրը՝ Ժանոյին, որուն մանկութենէս կը ճանչնամ։ Ան բռնած էր իր մօր՝ Ճենիին ձեռքը։ Զգալի էր անոր մտավախութիւնը, թէ դուստրը, նոր միջավայրին ընտելացման դժուարութիւն պիտի ունենար: Բայց եւ այնպէս շատ կարճ ժամանակէն արդէն Սէրան խլած էր ամբողջ ուսուցչակազմին եւ աշակերտութեան սիրտը, դառնալով վարժարանին գեղեցիկ պուպրիկներէն մէկը:
Մեր աչքերուն դիմաց հասակ առաւ այս սիրասուն հայուհին: Հօրն ու մօր հետեւողական դաստիարակութեան ներքոյ, ուր դրոշմուած էին աշխատասիրութեան եւ անկեղծութեան արժանիքները, կատարելագործուած ըլլալու կարեւորութիւնը։ Այս սկզբունքներն ու իր ունեցած պրպտող միտքը կը մղէին զինք ըլլալու լաւագոյնը, պարծանքը հանդիսանալով իր ազնիւ ծնողքին ու շրջապատին:
Սէր-ան՝ մեր համովիկը, համակ սէր ու յարգանք կը տածէր բոլորին հանդէպ, ըլլան անոնք տարեկից ընկեր-ընկերուհիներ, իրմէ մեծ բարեկամներ ու տարեց ազգականներ:
Համովիկ Սէրաս, քու կարճ բայց եւ այնպէս ազդեցիկ ու բեղուն կեանքիդ ընթացքին, Փասատինայի գաղութէն ներս ձգած էիր միայն բարի ազդեցութիւն եւ անոր պատճառով աւելի քան 750 սգակիրներ ու կարեկիցներ ներկայ էին քու յուղարկաւորութեանդ, քեզ ճամբելու դէպի ասպնջական դրախտը, ուր վստահ եմ որ Տէրն Աստուած, Յիսուս փրկիչն ու հրեշտակներու փաղանգը գրկաբաց ընդունեցին քու հոգիդ:
Յովսէփեան վարժարանի դասարաններէն ներս եւ անցքերէն անցնելով կը վերյիշենք քեզ համովիկս, անկարելի է որ մոռնանք քու մաքրասիրութիւնդ, ուշիմութիւնդ, ստեղծագործական ոգիդ, պատրաստակամութիւնդ, պարտաճանաչութեան բարձր գիտակցութիւնդ, հեզութիւնդ եւ աշխատասիրութիւնդ: Այս արժանիքներով օժտուած գանձ մըն էիր դուն, եւ ինչպէս մայրիկդ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ քեզ նման պարգեւ մը ունեցած է 20 տարիներ, մենք ալ կը միանանք իրեն եւ կ՛երկրորդենք, երախտապարտ եւ գոհունակ ըլլալով, որ առիթը տրուեցաւ մեզի վայելելու քեզ նման ազնուագոյն աշակերտուհի մը՝ մեր ուսուցչական ասպարէզին ընթացքին եւ առաւել, իմ պարագայիս, մտերիմներուս դուստրը ըլլալով, դպրոցէն դուրս ալ վայելեցի քեզ իբրեւ բարեկամիս զաւակը:
Մեր քրիստոնէական հաւատքին յարիր ըլլալով, սփոփանքի միակ աղբիւրը այն համոզումն է, որ Աստուած քեզ նման բարի հոգիներու կարիքն ունի եւ դժբախտաբար որչափ որ ցաւալի ու անհասկնալի ըլլայ Աստուծոյ կամքը, կամայ ակամայ մեզի կը մնայ միայն ընդունիլ այս անողոք իրականութիւնը, թէ պիտի փորձենք շարունակել մեր կեանքերը առանց քեզի, առանց քու տաքուկ ժպիտիդ ու առանց քու կենսալից գոյութեանդ:
Ափսո՜ս որ երկրային կեանքդ շատ կարճ էր համովիկս, բայց վստահ եմ որ երկնային արքայութեան մէջ նոյն խանդավառութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ հոգիդ պիտի շարունակէ թեւածել, եւ անուշիկ հրեշտակ մը դարձած ծնողքիդ եւ մեզի պիտի հետեւիս եւ պահպանես, մինչեւ որ դարձեալ հանդիպինք քեզի դրախտի դարպասներուն մօտ:
Թող երիտասարդ հոգիդ հանգչի խաղաղութեամբ, եւ Աստուած ալ մեզի մխիթարանք պարգեւէ: