
ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Ուրբաթ, 29 Ապրիլին, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանը։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ տագնապները, ինչպէս նաեւ Սփիւռքին վերաբերող կարգ մը հարցեր։