
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման թիւ մէկ շահառուն Արցախն է եւ Արցախի ժողովուրդը: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս հատատումը կատարեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Արցախի կառավարութեան անդամներուն հետ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին։
Ըստ անոր՝ Հայաստանի իշխանութիւնները միշտ կարեւոր կը նկատեն, որ Արցախի իշխանութիւնները տեղեակ ըլլան Արցախիի հիմնահարցին վերաբերող բանակցութիւններուն, բովանդակութեան եւ ընթացքին, մարտահրաւէրներուն ու հնարաւորութիւններուն մասին՝ աւելցնելով, որ այդ սկզբունքը պահուած է միշտ եւ պիտի շարունակէ այդպէս ըլլալ։
Ան բարձր գնահատեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի վերջին շրջանին կատարած այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն Արցախի իշխանութիւնները նոյնպէս կ՛որդեգրեն խաղաղութեան օրակարգը: «Խաղաղութեան օրակարգը պարտութեան օրակարգ չէ: Խաղաղութեան օրակարգը պատերազմի արհաւիրքը եւ դրան յաջորդած դժուարութիւնները յաղթահարելու, ժողովրդի անվտանգութիւնը, իրաւունքները, ապագան երաշխաւորելու օրակարգ է : Դաժան, դժուար աշխատանքի արդիւնքում տեսնում եմ այն քայլերի յաջորդականութիւնը, որոնք մեզ պէտք է յանգեցնեն այն հանգրուանին, որի մասին բարձրաձայնում ենք, այն է Հայաստանի, Արցախի Հնարապետութեան ժողովրդի անգտանգութեան եւ իրաւունքների երաշխաւորումը», նշեց Փաշինեան։
Ան կարեւոր նկատեց, որ արցախցին ապրի Արցախի մէջ, ինքզինք նկատէ արցախցի, ղարաբաղցի եւ հայ: «Մեր համատեղ աշխատանքի մի հսկայական հատուածը վերաբերւում է ընկերային-տնտեսական ոլորտին եւ մեզ համար սկզբունքային է, որ Արցախում մարդիկ ապրեն, իրենց անվտանգ զգան Արցախում: Ես համոզուած եմ, որ մենք ճիշդ ճանապարհով ենք շարժւում եւ ուրախ եմ, որ Արցախի իշխանութիւնները այս օրակարգը կիսում են», ըսաւ Փաշինեան։
Իսկ Յարութիւնեան դիտել տուաւ, որ արցախահայութիւնը կ՛ընդունի խաղաղութեան օրակարգը, միւս կողմէ ինքնորոշման իրաւունքէն շեղելու որեւէ ուղղութիւն չի տեսներ։
«Դրա համար ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեւաւորուած այն տեսակէտի համար, որ ցանկացած թեմա, ցանկացած փաստաթուղթ քննարկուելու է Արցախի իշխանութեան հետ եւ լինելու է ժողովրդի տրամաբանութիւնից բխող: Ի հարկէ, ցանկանում եմ ճշդել, որ այլ ձեւ հնարաւոր էլ չէ: Մենք երկար քաղաքական պայքար ունենք տանելու: Անվտանգային բաղադրիչը այսօր ամենակարեւորն է», ըսաւ Յարութիւնեան՝ աւելցնելով, որ ռուս խաղաղապահներու անմիջական միջնորդութեամբ ստեղծուած կայունութիւնը այսօր կարելիութիւն կու տայ քննարկելու ընկերային-տնտեսական ծրագիրները:
Ըստ Յարութիւնեանի՝ ընկերային-տնտեսական ծրագիրները կարեւոր են, որովհետեւ, եթէ Արցախի մէջ մարդ չըլլայ, անիմաստ կը դառնայ քաղաքական պայքարը եւ ապահովութեան մասին խօսիլը: «Դրա համար ժողովրդագրութիւնը եւ ընկերային-տնտեսական ծրագրերն այսօր նորից իրականութիւն են դառնում: Այն ծրագրերը, որոնք սկսուել են պատերազմից յետոյ, շարունակւում են», ըսաւ Յարութիւնեան:
Փաշինեան անհանգստացնող նկատեց ատրպէյճանական ստորաբաժանումներուն` Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտի ներխուժելու փաստը: «Յոյս ենք յայտնում, որ ռուս խաղաղապահ զօրախմբի ներկայացուցիչները հետեւողականօրէն կ՛ապահովեն ադրբեջանական ստորաբաժանումների դուրսբերումը ռուս խաղաղապահ զօրախմբի պատասխանատուութեան գօտուց», ըսաւ Փաշինեան:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՄԷ 20 ՄԻԼԻԱՌ ԴՐԱՄ՝ ԱՐՑԱԽԻ ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ
«Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրառում կատարելով՝ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան կը յայտնէ, որ Յարութիւնեան-Փաշինեանի հանդիպումի հիմնական օրակարգային երկու հարցերը Արցախի ընկերային-տնտեսական վիճակը եւ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացն էի։ Որոշուեցաւ, որ այս տարուան ընթացքին Հայաստանի կառավարութիւնը յաւելեալ 20 միլիառ դրամ պիտի յատկացնէ Արցախի բնակարանաշինութեան ծրագիրներու համար նկատի ունենալով Արցախի մէջ բնակարանային հրատապ կարիքները:
