ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 29 Ապրիլին, աշխատանքային այցելութիւններու ծիրին մէջ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան այցելեց հանրապետութեան հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկը:
Պապիկեան ծանօթացաւ զօրամասին մէջ ընթացող շինարարական եւ հիմնանոոգութեան աշխատանքներուն, պաշտպանութեան յատուկ շինութիւններուն մէջ զինուորներուն կենցաղային պայմաններուն:
Պապիկեան այցելեց նաեւ սահմանագօտիի մարտական յենակէտեր, ծանօթացաւ մարտական հերթապահութեան պայմաններուն եւ զրուցեց սահմանապահ զինուորներուն հետ:
Պաշտպանութեան նախարարը յատուկ ուշադրութիւն դարձուց մարտական դիրքերու ու ենթակառուցուածքներու ապահովութեան եւ թեքնիք առումով յագեցման հարցերուն, տուաւ համապատասխան ցուցմունքներ եւ յանձնարարականներ` իրականացուող ամրաշինական եւ կահաւորման աշխատանքները պատշաճ որակով եւ սեղմ ժամկէտներու մէջ աւարտին հասցնելուն վերաբերեալ: