ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ալիեւ կը պնդէ, որ «Ղարաբաղի հայերէն դրական ազդակներ կը ստանայ, եւ սկսած են առաջին կապերը», թէ ի՛նչ մակարդակով են այդ «կապերը» եւ ինչ «դրական ազդակներ» նկատի ունի, Ատրպէյճանի առաջնորդը չյստակացուց:
Պաշտօնական Ստեփանակերտը առայժմ չէ արձագանգած բարձր մակարդակով հնչող այս յայտարարութեան:
«Ատրպէյճան Արցախի մէջ ապրող հայերը կը նկատէ իր քաղաքացիները: Յոյսով ենք, որ անոնք նոյնպէս շուտով կը հասկնան, որ՝ ըլլալով Ատրպէյճանի քաղաքացիներ, անոնք պիտի ստանան բոլոր իրաւունքները եւ ազատութիւնները, իսկ անոնց անվտանգութիւնը պիտի ըլլայ ապահովուած», յայտարարեց Ալիեւ` Արցախի բնակչութեան կոչ ուղղելով՝ վերջ դնելու «թշնամանքին», «մեկուսացնելու անջատողականները»: