ՊԵՐԼԻՆ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին, Գերմանիոյ իշխանութիւնները խոստացան հետապնդել ու պատժել այն զինուորները, որոնք լուսանկարուած էին Աֆղանիստանի մէջ գանկերու հետ խաղալու ընթացքին: Լուսանկարները գայթակղութիւն մը ստեղծած են Գերմանիոյ տարածքին:
Գերմանացիները մաս կը կազմեն Աֆղանիստան հաստատուած ՆԱԹՕի խաղաղապահ ուժին:
Նկարին մէջ, գերմանացի մը կը կարդայ «Պիլտ» թերթը, որու առաջին էջին վրայ զետեղուած է խնդրոյ առարկայ լուսանկարներէն մէկը: