Երէկ Հրանդ Տինք դարձաւ Հայկական Ցեղասպանութեան 1,500,001րդ զոհը։ Զարգացած, առատ արտադրող լրագրող եւ ակադեմական մը ըլլալով՝ թրքահայոց «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագիրը փորձեց երկխօսութիւն մը ստեղծել երկու ժողովուրդներուն միջեւ, հասնելու համար 20րդ դարու առաջին ողջակիզման նկատմամբ հասարակաց գիծի մը։ Եւ ան գինը սուղ վճարեց. երկու գնդակ՝ գլխուն եւ երկու՝ մարմնին, ոճրագործի մը կողմէ, Պոլսոյ փողոցներուն մէջ, երէկ կէսօրէ ետք։
Այդ մէկը ոչ միայն ահարկու հարուած մըն էր Թուրքիոյ մէջ գոյատեւած հայկական համայնքին դէմ, այլեւ յետադարձ քայլ մը Թուրքիոյ երազներուն մէջ՝ Եւրոպական միութեան անդամակցելու, երեւակայական առաջադրանք մը, որ արդէն իսկ վտանգուած է Կիպրոսի հետ անոր խզուած յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան իսկական բնոյթին ճանաչման անոր մերժումին պատճառով. անիկա ծրագրուած զանգուածային սպանութիւնն էր քրիստոնեայ տարրերուն (մէկուկէս միլիոն ընդհանուր առմամբ) երկրին օսմանեան կառավարութեան կողմէ, 1915ին։ Ուինսթըն Չըրչիլը առաջինն էր, որ այդ մէկը ողջակիզում կոչեց, բայց ցայսօր թրքական իշխանութիւնները կը մերժեն այդ նկարագրութիւնը՝ անտեսելով փաստաթուղթեր, որոնք նոյնինքն թուրք պատմաբաններու կողմէ բացայայտուած են փաստելու համար կառավարութեան ցեղասպանական մտադրութիւնը։
Երկու զաւակներու հայր, 53ամեայ լրագրողը սպաննուեցաւ իր թերթին խմբագրատան դրան սեմին։ Միայն շուրջ մէկ տարի առաջ ան ամբաստանուեցաւ թրքական օրէնսդրութեան տխրահռչակ 301րդ յօդուածին հիմամբ «հակաթրքական»ութեամբ, բան մը, որ ան անխոնջ ձեւով մերժեց նոյնիսկ վեց ամսուան առկախեալ դատապարտում ստանալէն ետք, Պոլսոյ ատեանէ մը։
Եւրոպական միութիւնը նաեւ կոչ ուղղած է Թուրքիոյ՝ բարեփոխելու այդ օրէնքը, որուն հիման վրայ դատավարութեան ենթարկուեցաւ նաեւ Նոպէլեան մրցանակակիր վիպագիր Օրհան Փամուքը։ Իր դատավարութեան ընթացքին Տինք յայտնուեցաւ թրքական հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ՝ արցունքոտ աչքերով։ «Ես թուրքերուն հետ միասին կ՚ապրիմ այս երկրին մէջ», դիտել տուաւ ան։ «Եւ ես ամբողջական համերաշխութեամբ կ՚ապրիմ անոնց հետ։ Ես չեմ կարծեր, թէ կրնամ ընդունիլ այն, որ ինծի կը վերագրուի՝ զանոնք վարկաբեկելու ինքնութիւնը», աւելցուց ան։
Հեգնական է, որ Տինք յօդուածի մը մէջ իր ազգակից հայերը կը մեղադրէր արտօնելու համար, որ Ցեղասպանութեան հարցով թուրքերուն նկատմամբ իրենց թշնամութիւնը իրենց «արիւնը թունաւորած» ըլլայ։ Սակայն, դատավարութեան ընթացքին այդ յօդուածին բովանդակութիւնը այնպէս ներկայացուեցաւ, որ Տինք թրքական արիւնին համար թունաւոր է կ՚ըսէր։
2005ին Տինք լրատուական կարգ մը ծառայութիւններու լրագրողներու բացատրած էր, որ իր դէմ յարուցուած քրէական գործը ծնունդ առած էր նախակրթարանի մէջ թրքական աւանդական երդումը տուած ըլլալուն նկատմամբ իր զգացումներուն հետ կապուած հարցումէ մը։ Ան պատասխանած էր, որ «ես թուրք եմ, ես անկեղծ եմ եւ ես աշխատասէր եմ»։ Ինքզինք պաշտպանած ըլլալու համար Տինք դիտել տուաւ, որ «ես ըսի, թէ ես թուրք քաղաքացի մըն եմ, բայց ես ծագումով հայ եմ, եւ թէ նոյնիսկ, որ անկեղծ եմ եւ աշխատասէր, ես թուրք չեմ։ Ես հայ եմ»։ Տինք հարց ունէր թրքական ազգային քայլերգին մէջ գոյութիւն ունեցող տողի մը հետ, որ վերագրում կ՚ընէ «իմ հերոսական ցեղ»ին։ Ան չէր սիրեր այդ տողը երգել որովհետեւ, բացատրեց ան, «ես դէմ եմ «ցեղ» եզրին գործածութեան, նկատի առած, որ ան խտրականութիւն կը բուրէ»։
Փամուք նախապէս դատավարութեան ենթարկուեցաւ զուիցերիական ամսաթերթի մը հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութեան մասին խօսած ըլլալուն համար։ Թուրք հրատարակիչներ դիտել կու տան, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ խռովալի մթնոլորտ գոյութիւն ունի գրագէտներու դէմ, որոնք կ՚ուզեն իրականութիւնը ըսել Ցեղասպանութեան մասին, երբ Թրքահայաստանի ընդարձակ տարածքները խլուեցան անոնց քրիստոնեայ բնակչութեան ձեռքէն։ Տասնեակ հազարաւոր հայ տղամարդիկ ջարդուեցան թրքական բանակայիններուն կողմէ (եւ՝ քիւրտերուն), մինչ բազմաթիւ հայ կիներ եւ մանուկներ բռնաբարուեցան եւ սպաննուեցան հիւսիսային Սուրիոյ անապատներուն մէջ։ Տակաւին ողջ եղող փոքրաթիւ վերապրողները նկարագրած են խարոյկներու վրայ հայ մանուկներուն ողջակիզումը։
Իրականութեան մէջ, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ հրատարակուած թուրք ուսումնասիրող Թանէր Աքչամին մէկ գիրքը կը ներկայացնէ փաստագրական մանրամասնութիւններ՝ օրին Կոստանդնուպոլսոյ օսմանեան կառավարութեան կողմէ արձակուած հրահանգներուն մասին՝ հայերուն ծրագրուած եւ կազմակերպուած սպանութեան վերաբերեալ։ Հազարաւորներ նաեւ հեղձամահ եղան ընդյատակեայ քարայրներու մէջ, որոնք աշխարհի առաջին կազի սենեակներն էին։ 1939ին Ատոլֆ Հիթլէր իր զօրավարներուն հարց տուաւ՝ «Ո՞վ կը յիշէ հայերը», եւ ապա սկսաւ Լեհաստանի հրեաներուն ողջակիզումը։ Ոստիկանութիւնը ի՛նչ ալ բացայայտէ Տինքը սպաննողին ինքնութեան մասին – ըլլայ ան թուրք ազգայնական մը կամ, նոյնիսկ, որքան ալ անըմբռնելի թուի, հայ ազգայնական մը՝ զայրացած անոր վերոնշեալ ակնարկութենէն, այդ մէկը կարեւոր փաստ մը պիտի ըլլայ իր անցեալը դիմագրաւելու երկրին պատրաստակամութեան մասին։
«ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ»
Յունուար 20, 2007