
Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանէն կը տեղեկանանք, թէ 28 Ապրիլին մահացաւ 1984-88 վարժարանին տնօրէնի պաշտօնը ստանձնած դոկտ․ Արսինէ Օշականը, 80 տարեկանին։
Ան իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ դոկտ․ Վահէ Օշականի, հետ աշխարհի տարածքին հայ մշակոյթը, ազգային եւ կրօնական արժէքներ պաշտպանելու նպատակով, յատկանշական աշխատանք իրագործած է, կրթական եւ վարչական պաշտօններ ստանձնելով Սիտնիի Համազգայինի Գալուստեան վարժարանին, Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին եւ Փենսիլվենիոյ Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ։ Ան նաեւ 21 տարիներ աշխատած է միջազգային «Կէփ» ընկերութեան մէջ, հասնելով անոր փոխնախագահի պաշտօնին։
Դոկտ․ Արսինէ Օշական զաւակն էր Ճէյքըպ եւ Սթելլա Սաչաքլեան Ռուսթիկեաններուն եւ գործօն անդամ եղած Ֆիլատելֆիոյ հայ գաղութին եւ տեղւոյն Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, ուր տեղի պիտի ունենայ անոր յուղարկաւորութիւնը, 11 Մայիսին։