
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ համաճարակին պատճառով նախորդ երկու տարիներուն չիրականացաւ Քոնկրէսի շէնքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման աւանդական ձեռնարկը, սակայն այս տարի կարելի եղաւ զայն իրականացնել՝ մասնակցութեամբ մեծ թիւով քոնկրեսականներու ու անոնց ներկայացուցիչներուն։

Այս ոգեկոչումը նաեւ առաջինն էր, որ տեղի կ՛ունենար նախագահ Ճօ Պայտընի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու որոշումէն ետք։
Գլխաւոր բանախօսն էր «Փուլիցըր» մրցանակին տիրացած գրող Փիթըր Պալաքեան, որ երախտագիտութիւն յայտնեց Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ընդունած Քոնկրեսի ղեկավարութեան եւ նախագահ Պայտընին, որոնք յաջողութեամբ կրցան դէմ դնել պատմական այդ իրողութիւնը յամառօրէն ուրանալու՝ Անգարայի ջանքերուն։ Ան շեշտեց, թէ ճանաչումէն ետք, կարգը պէտք է հասնի վնասուց հատուցումներ ապահովելուն, ինչպէս պատահած էր Գերմանիոյ եւ հրեաներու պարագային։
Պալաքեան նաեւ շեշտեց, թէ Ցեղասպանութիւնը միայն պատմութեան չի պատկանիր, աւելցնելով, որ զայն հրահրած համաթուրանական գաղափարախօսութիւնը այսօր դարձեալ կը սպառնայ հայութեան։
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովի ատենապետ Նէյտին Մայէնզա շեշտեց, որ նախագահ Պայտըն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալով՝ Միացեալ Նահանգները դրաւ այս ահաւոր աղէտին մօտենալու ճիշդ ճամբուն վրայ, դրուատելով նաեւ արդարութեան հասնելու ամերիկահայութեան աննկուն ջանքերը։
Ելոյթ ունեցան նաեւ Քոնկրեսի գրադարանի Հայկական բաժանմունքի պատասխանատու, ցեղասպանագէտ դոկտ․ Խաչիկ Մուրատեան, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան եւ քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Քերոլայն Մըլոնի, Տան Պէյըր, Ճուտի Չու, Ճիմ Քոսթա, Աննա Իշու, Ճաշ Կաթիմըր, Պրենտա Լորընս, Սուզի Լի, Քեթի Փորթըր, Ճան Սարպէյնզ եւ Պրետ Շըրմըն։
