
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը դրած ծերակուտական Ալեքս Փըտիայի ընտրապայքարին։
Յիշեցնենք, որ 2020ին, Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ այդ օրերու նահանգային քարտուղար Ալեքս Փըտիաn նշանակեց Ծերակոյտի անդամ՝ փոխարինելու համար
Ծերակոյտին մէջ Քալիֆորնիան ներկայացնող ծերակուտականներէն Քամալա Հերիսը, որ ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ:
Փըտիա կը հանդիսանայ Ծերակոյտին մէջ Քալիֆորնիան ներկայացնող առաջին սպանախօս քաղաքական գործիչը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան կը յիշեցնէ, թէ Փըտիա նահանգի հայութեան հետ երկարամեայ կապեր ունի եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է ներգաղթած հայերը քուէարկութեան մղելու եւ քաղաքական կեանքին մէջ հայերու ներկայութիւնը աւելի տիրական դարձնելու՝ Հայ Դատի արշաւներուն մէջ:
Ծերակոյտի անդամ դառնալէ ետք եւս ան շարունակեց հայանպաստ իր գործունէութիւնը, պահանջելով պատասխանատուութեան կանչել Արցախի եւ Հայաստանի դէմ բռնարարքներու եւ պատերազմական ոճիրներու դիմած Պաքուի եւ Անգարայի իշխանութիւնները։
Փըտիա 1999ին ընտրուած էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, իսկ 2006ին ընտրուած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ։
2014ին, Փըտիա Հայ Դատին զօրակցութիւնը ապահոված էր նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային քարտուղարը ընտրուելու պայքարին ընթացքին եւ աւելի ուշ մասնակցած էր Հայ Դատին կազմակերպած խորհրդաժողովին։