
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բանագնացները Վիեննայի մէջ ունեցած իրենց երրորդ հանդիպումին վերահաստատեցին այս գործընթացին միջոցով յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման հասնելու նպատակը:
Հանդիպումէն ետք, նոյն բովանդակութեամբ յայտարարութիւն հրապարակեցին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնները՝ նշելով. «Նրանք ունեցել են յստակ տեսակէտների անկեղծ ու արդիւնաւէտ փոխանակում եւ քննարկել հնարաւոր քայլերը, որոնք կարող են ձեռնարկուել այս ուղղութեամբ` շօշափելի առաջընթացի հասնելու համար»։ Թէ ի՞նչ են ձեռնարկուելիք քայլերը, որոնց մասին կողմերը պարբերաբար կը նշեն, յստակ չէ։
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը գրած է, որ շուրջ 4 ժամ տեւած Ռուբինեան-Քըլըչ հանդիպումը դրական մթնոլորտի մէջ ընթացած է․ բանակցային սեղանին դրուած են կարգաւորման վերաբերող կարգ մը հարցեր, որոնք մանրամասնօրէն քննարկուած են:
Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ բանագնացները վերահաստատեցին իրենց համաձայնութիւնը` շարունակելու գործընթացը առանց նախապայմաններու:
Ինչպէս նախորդ հանդիպումներուն, այս անգամ եւս բանակցութիւններու օրակարգին մասին մանրամասնութիւնները յայտնի չեն, սակայն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նախորդ օրերուն նշեց, որ պիտի քննարկուին յառաջիկային ձեռնարկուելիք տարբեր քայլեր: Ան դիտել տուաւ, որ պիտի շօշափուի երկու երկիրներու սահմանները որոշելու հարցը, որուն իբրեւ պատասխան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ օրակարգին վրայ նման բան չկայ։
3 Մայիսին, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էդուարդ Աղաջանեան «Սիվիլնեթ»ին յայտնեց, որ սահմաններու վերասահմանագծման շուրջ ակնարկ կատարուած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու բանակցութիւններուն ընթացքին, սակայն հայկական կողմը կտրականապէս մերժած է զայն: Ըստ Աղաջանեանի՝ «սահմանները ճշգրտուել են ԽՍՀՄ ժամանակ եւ նոր քարտէզը նպատակայարմար չէ»: Ան նաեւ նշեց, որ «թրքական կողմը յստակ քայլերու վերաբերող դրական ազդակ չէ տուած»։