
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 3 Մայիսին,Արցախի Հաշուեքննիչ պալատի աշխատակազմի պատասխանատուներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, անդրադառնալով Արցախի ապագայ կարգավիճակին վերաբերող տարբեր յայտարարութիւններու՝ շեշտեց. «Որեւէ պարագայում Արցախի իշխանութիւնները չեն պատրաստւում շեղուել ժողովուրդների ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքից, եւ արցախահայութեան համար խաղաղութեան օրակարգն ընդունելի է միայն այդ համատեքստում»։
Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ նախորդող օրերուն կառավարութեան մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին Փաշինեան շեշտեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման թիւ մէկ շահառուն Արցախն է եւ Արցախի ժողովուրդը, եւ որ խաղաղութեան օրակարգը ամենեւին պարտութեան օրակարգ չէ:
Յարութիւնեան այդ հանդիպումին շեշտեց ինքնորոշման իրաւունքի հարցը` ըսելով, որ անկէ շեղելու որեւէ ուղղութիւն չեն տեսներ Արցախի մէջ։