
15 Մարտէն 24 Ապրիլ, Վրաստանի մէջ տեղի ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 107ամեակին առիթով կարգ մը նախաձեռնութիւններ։
Վրաստանի հայ համայնքը, Վրաստանի Հայ ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու աջակցութեամբ, 20 Մարտէն մինչեւ 19 Ապրիլ կազմակերպեց 8 ցուցահանդէսներ «Հայոց Մեծ Եղեռն ու մշակույթային ցեղասպանութիւն» նիւթով, մայրաքաղաք Թիֆլիսի Վակեյի, Սապուրթալոյի, Վարկեթիլիի, Ավլաբարիի թաղամասերուն եւ այլ վայրերու մէջ։
18 Ապրիլին, «Րաֆֆի» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն «Հայոց Ցեղասպանութիւն. պատճառներ եւ փաստեր» նիւթով։ Նաեւ ՀՄԸՄի Թիֆլիսի մասնաճիւղը ցուցադրեց ժապաւէն մը՝ նուիրուած ցեղասպանութեան զոհերուն։

23 Ապրիլին, երկու տարուան ընդմիջումէ մը ետք, Վրաստանի երիտասարդական միութիւնը կազմակերպեց աւանդական ջահերով երթը, Իսանիի «մեթրօ»ի կայարանի յարակից տարածքէն դէպի Թիֆլիսի Նոր Էջմիածին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած խաչքարի յուշարձանին ուղղութեամբԱնոր մասնակցեցան շուրջ 150 անձեր։
Մասնակցողերը ծաղիկներ զետեղեցին խաչքարին առջեւ․ Յովհաննէս Թումանեանի անուան գրական խմբակի սաները արտասանեցին, եւ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ անմեղ զոհերու յիշատակին նուիրուած աղօթք։
24 Ապրիլին տեղի ունեցաւ երթ Ֆիլհարմոնիայէն դէպի Թուրքիոյ դեսպանատունը՝ պահանջելով ճանաչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Երթին մասնակցեցան շուրջ 300 անձեր։
Դեսպանատան մօտ տեղի ունեցաւ ցոյց, որուն ընթացքին խօսքով ներկայացան Վրաստանի հայ Համայնքի անդամներ, հնչեցին հայրենասիրական երգեր եւ արտասանուեցան բանաստեղծութիւններ։
