
Կիրակի 20 Մարտ, 2022ին, մեզմէ առ յաւէտ բաժնուեցաւ Շահրաշեան գերդաստանի զաւակներէն՝ Պետրոս Շահրաշեանը, 71 տարեկան հասակին:
Բնիկ տիգրանակերտցի (Հայնէ գիւղէն) հօր՝ Տիգրան Շահրաշեանի եւ այնթապցի մօր՝ Խանըմ Գազանճեանի երրորդ զաւակն էր: Ունէր երկու եղբայրներ, անդրանիկը՝ Յովհաննէս (Ժանօ, մահացած Լիբանան) կրտսերը՝ Յակոբ (մահացած Ամերիկա) եւ քոյրը՝ Րաքէլ (մահացած Ամերիկա):
Ծնած էր Ապրիլ 24, 1950ին, Հալէպ, Սուրիա: Նախակրթութիւնը ստացած էր Լիբանանի Այնճար հայաւանի Հայ Աւետարանական երկրորդական գիշերօթիկ վարժարանին մէջ: Աւարտելով սոյն վարժարանը, իր ուսումը շարունակած էր Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, հետեւելով հիւանդապահութեան ճիւղին, ուրկէ վկայուած էր որպէս մասնագէտ հիւանդապահ:
1973ին գաղթած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Վըրճինիա նահանգը:
1977-1984 աշխատած էր Reynolds Metal Aluminum Company-ին բժշկական բաժնին մէջ, որպէս հիւանդապահ:
1984ին տեղափոխուած էր Փասատինա: Սկսած էր աշխատիլ Լոս Անճելըսի Ջուրի եւ ելեկտրականութեան Ընկերութեան (LADWP) բժշկական բաժանմունքին մէջ, որպէս պատասխանատու հիւանդապահ/տնօրէն ամբողջ 30 երկար տարիներ:
Պետրոս Շահրաշեան երկար տարիներ անսակարկ նուիրումով ծառայած էր Ս. Նարեկ եղբայրութեան եկեղեցւոյ, իբրեւ սարկաւագ:
Իր անձը մոռցած, գիշերը ցերեկին խառնելով՝ ծրագրեց, տքնեցաւ իր յարատեւ կամքով, ինք հիւծեցաւ, սպառեցաւ, բայց շատ բան տուաւ իր շրջապատին: Սակայն վերջին ամիսները հիւանդութիւնը գամեց զինք անկողին եւ անողոք մահը զինք խլեց մեզմէ հակառակ իր կողակից՝ Մարիէթին տարած խնամքներուն, որ համբերութեամբ տոկաց եւ կողքին մնաց:
Հանգուցեալը կանոնաւոր ձեւով միշտ կ՛այցելէր տարեցներուն, ինչպէս նաեւ օգնութեան եւ խնամքի կարօտ իր ազգականներուն: Ան շրջապատին կողմէ սիրուած էր, սրտով ու էութեամբ մարդոց հետ ըլլալով: Ան մեծահոգի եւ մեծասիրտ մարդ արարած մըն էր: Առանց թերանալու, իր լաւագոյնը ըրած էր սիրոյ եւ գուրգուրանքի մթնոլորտ մը ստեղծելով իր շուրջը: Ամենակարեւոր բանը զոր սորվեցուցած էր իր շրջապատին՝ ունենալ յարգանք այլոց հանդէպ: Իր օրինակելի եւ խոնարհ ներկայութեամբ արժանացած էր բոլորին սիրոյն ու գնահատանքին:
Անոր անձնաւորութեան իւրայատկութիւնը, բնաւորութեան ազնուականութիւնը եւ իր հարազատներուն բարօրութեան համար իր մղած պայքարի պատմութիւնը, բաժանման մեր վիշտը աւելի կը սաստկացնէ:
Պետրոսը ծառայութեան նուիրեալն էր առանց աղմուկի, առանց պարծանքի, առանց ինքնաքարոզչութեան, լուռ եւ անաղմուկ, բայց միշտ հաստատ քայլերով մնայուն եւ տեւական արդիւնքներով: Ան, անաղմուկ ապրեցաւ եւ անաղմուկ մեկնեցաւ:
Ան երբեք չի փոխարինուիր այլ անձով մը: Իր հեռացումը մեծ ու անսփոփ վիշտ պատճառեց իր հարազատներուն եւ ընկերներուն, սաստկացնելով յաւիտեան բաժանման բոցը, նոյնիսկ եթէ մենք գիտնանք, թէ Աստուծոյ ենք եւ Անոր պիտի վերադառնանք:
Հանգուցեալը իր հաղորդական եւ զգայուն նկարագրով ոչ միայն վայելեց ջերմ սէրն ու գուրգուրանքը իր կողակից՝ Մարիէթին, այլ արժանացաւ հարազատներուն, բարեկամներուն եւ ծանօթներուն անվերապահ սիրոյն եւ յարգանքին:
Պետրոս Շահրաշեան բարի, ազնիւ, ուրիշները նախադաս համարող, խոնարհ եւ անձնուէր անձ մըն էր, որուն կեանքը օրինակելի պիտի մնայ իրմէ աւելի երկար ապրողներուն համար:
Այսօր մեր վերջին յարգանքը կը մատուցենք Պետրոսին եւ քիչ վերջ իր մարմինը պիտի յանձնենք ցուրտ հողին, սակայն Պետրոսին հոգիի պարզութիւնը, նուիրումի ոգին ու քաղցր ժպիտը դրոշմուած պիտի մնան մեր մէջ ու մենք պիտի յիշենք զինք իբրեւ խոնարհ հայորդի:
Հանգուցեալին անդարձ մեկնումը կը սգան իր կողակիցը, ազգականներն ու բարեկամները:
Ննջէ խաղաղութեամբ անձնազոհ ամուսին, օրինակելի հօրեղբայր, մօրեղբայր, զարմիկ եւ դասընկեր:
Հանգիստ իր յոգնաբեկ ոսկորներուն եւ խունկ ու աղօթք իր անթառամ յիշատակին:
—-
Յովիկ Մահսէրէճեանի Սրտի Խօսքը
Սիրելի սգակիր հարազատներ եւ գաղափարակից ընկերներ,
Կեանքը ունի իր ընթացքը եւ օրէնքը, իւրաքանչիւր կենդանի արարած, ըստ այդ օրէնքին, օր մը հրաժեշտ պիտի տայ իր կեանքին. բայց ամէնակարեւորը՝ այդ անձին ետին ձգած յիշատակներն ու գործը պիտի մնան իր անվերադարձ մեկնումէն ետք։
Քիչ առաջ, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Պետրոսի թաղման կարգը եւ կարդացուեցաւ իր ամփոփ կենսագրականը, սակայն ինչպէս ձեզմէ շատեր գիտէին, Պետրոսը սովորական անձ մը չէր. ան հասակ առած էր Միջին Արեւելքի դասական հայ ընտանիքի մը մէջ, եւ ըլլալով Ցեղասպանութեան երկրորդ սերունդի անդամ, անմիջականօրէն տեսած, լսած ու ապրած էր իր մեծ ծնողներուն տառապանքը, ապա կրթուելով Այնճարի մէջ, իր ուսուցիչները անոր մէջ կայծը դրած էին ըլլալու պատասխանատու եւ պահանջատէր հայ անհատ մը, որ անպայման ուզած էր լոկ խօսքի սահմաններէն անդին անցնելով՝ մղուիլ գործնականին։
Ամերիկա գաղթելէն ետք, 1974ին, Վըրճինիայի Ռիչմընտ քաղաքին մէջ իր երդումը կատարելով, ան մաս կազմած էր շրջանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Վրէժ» կոմիտէին, ուր իր ներդրումը ունեցած էր մինչեւ Քալիֆորնիա փոխադրուիլը, 1984ին։
Հաստատուելով Սան Ֆերնանտօ հովիտ, ան փոխանցուած էր ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան, ուր ստանձնած էր զանազան պարտականութիւններ, մինչեւ փոխանցուիլը «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութիւն, 2019ին։
Ըլլալով հանդարտ, լուռ եւ սակաւախօս նկարագրի տէր, Պետրոսը իր կուսակցական պարտականութիւնները տարաւ նոյնպէս առանց աղմուկի եւ շեփորի, սակայն ան իր համոզումներուն եւ գաղափարներուն հանդէպ մնաց անզիջող եւ անդրդուելի, հետեւաբար, ան արդարօրէն դասուեցաւ տիպար դաշնակցականի փաղանգին մէջ։
Պետրոսը եղաւ այն բախտաւորներէն, որոնք քաղեցին նախորդ սերունդի ցանած սերմերը եւ տեսան ազատ եւ անկախ Հայաստանը։ Ան եղաւ գաղափարական անձնաւորութիւն մը եւ հաւատաց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գերագոյն նպատակին։
Սիրելի Պետրոս, այս պահուն, գաղափարակից ընկերներդ քեզի կ՛ըսեն՝ վարձքդ կատար, միեւնոյն ժամանակ խոստանալով, որ ոչ մէկ դաշնակցական հանգիստ պիտի ննջէ, մինչեւ մեր գերագոյն նպատակին՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի իրականացումը։
Բարի երթ քեզի, այս օտար ափերու հողը թող ծանր չնստի աճիւններուդ վրայ։