
Երեքշաբթի, 3 Մայիսի յետմիջօրէին, Ազգային առաջնորդարան այցելեցին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հետ տեսակցութիւն ունեցան Ազգային բարերար տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները: Հիւրերուն նպատակն էր՝ զօրակցիլ առաջնորդ սրբազան հօր աշխատանքներուն եւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական աթոռին:
Հանդիպման ընթացքին, Մելքոնեան ամոլը յանձն առաւ աջակցիլ Ազգային առաջնորդարանի մարդասիրական, Լիբանանի Ազգային վարժարաններու եւ Դպրեվանքի կարգ մը ծրագիրներու:
Այս առիթով, Թորգոմ եպիսկոպոսը բարձր գնահատեց բարերար Մելքոնեանները, որոնք տարիներ շարունակ նեցուկ կանգնած են Ազգային առաջնորդարանի ծրագիրներուն եւ զօրակցող բարերար ներկայութիւն են մեր ժողովուրդի ու յատկապէս Արեւմտեան թեմին մէջ:
Հուսկ, սրբազանը իր այցելուներուն մաղթեց կանաչ եւ օրհնեալ բազում օրեր, որպէսզի անոնք շարունակեն Աստուծոյ իրենց տուած օրհնութենէն օրհնութիւն հանել նաեւ ուրիշներու:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ