Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Մէսէչուսէցի պետական դպրոցներուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդութեան հարցով Ամերիկաթրքական միութիւններու համախմբումին կողմէ բացուած դատին ընթացքին ելոյթ ունեցած նահանգին ընդհանուր դատախազին օգնական Ուիլեըմ Փորթըր կտրուկ կերով շեշտած է, թէ թուրքերուն բացած դատը անհիմն է եւ դատական հետապնդումը պէտք է անմիջապէս կասեցնել:
Հայ Դատի Յանձնախումբը, միանալով մարդկային ու քաղաքային իրաւանց պաշտպան ամերիկեան ու հայկական կազմակերպութիւններու, նեցուկ կը կանգնի նահանգին որդեգրած կեցուածքին ու կը նպաստէ դատը ձախողութեան մատնելու նահանգին աշխատանքներուն, պնդելով, թէ անհիմն է թրքական այն պնդումը, թէ նահանգին որդեգրած Հայկական Ցեղասպանութիւն դասաւանդելու որոշումին հետեւանքով արտայայտուելու ազատութիւնը կը սահմանափակուի:
Թրքական կողմը կը պահանջէ, որ դասաւանդութեանց աղբիւրներուն մէջ նշուին նաեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու կարիքները ներկայացնող աղբիւրներ: