Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութիւնը Չորեքշաբթի օր յայտարարեց, որ իսրայէլեան ուժերու Ճենին քաղաք ներխուժման ընթացքին, «Ճազիրա» կայանի պաղեստինցի-ամերիկացի լրագրող Շիրին Ապու Աքլէ սպաննուած է:
Ապու Աքլէ լրագրողներու յատուկ բաճկոնը կը կրէր, երբ սպաննուեցաւ: Կայանը միջազգային ընտանիքէն պահանջեց իսրայէլեան ուժերը հաշուետուութեան կանչել:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս դատապարտեց լրագրողը «մահապատիժի ենթարկելու ոճիրը», որուն համար պատասխանատու նկատեց Իսրայէլի կառավարութիւնը:
ՄԱԿը բուռն կերպով դատապարտեց Ապու Աքլէի սպանութիւնը եւ կոչ ուղղեց՝ անմիջապէս հետաքննութիւն կատարելու ու պատասխանատուները պատժելու:
Պաղեստինի մօտ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութիւնը լրագրողի սպանութիւնը նկատեց «ցնցիչ» եւ կոչ ուղղեց յանցագործները արդարադատութեան յանձնելու: «Կը դատապարտենք լրագրող Շիրին Ապու Աքլէի սպանութիւնը, եւ պէտք է դէպքին շուրջ անկախ ու թափանցիկ հետաքննութիւն կատարել ու պատասխանատուները դատարանին յանձնել», յայտնեց Եւրոպական Միութեան բանբերը:
«Մեծ ցաւ կը զգանք եւ բուռն կերպով կը դատապարտենք լրագրող Շիրին Ապու Աքլէի սպանութիւնը: Սպանութեան շուրջ հետաքննութիւնը պէտք է անմիջապէս կատառուի, եւ դէպքին պատասխանատուները հաշուետուութեան ենթարկուին: Ապու Աքլէի սպանութիւնը ամէնուրեք մամլոյ ազատութեան վարկաբեկում է», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իր կարգին, յայտարարեց հետեւեալը. «Շիրին Ապու Աքլէի սպանութիւնը կը դատապարտենք եւ սպանութեան գործողութեան ծալքերուն շուրջ թափանցիկ հետաքննութիւն կը պահանջենք»: