
Համաճարակին ընթացքին հանրային ձեռնարկները ջնջելէ ետք, Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբը վերջերս վերադարձած է իր հանրային ձեռնարկներուն, շարունակելով սպասարկել համայնքին եւ պաշտպանել անոր իրաւունքները, կը յայտնէ յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Սուրէն Սերոբեան։
Համաճարակի օրերուն իսկ, յանձնախումբը յատկանշական աշխատանք տարած էր համայնքի կարիքաւորներուն աջակցութիւն հասցնելով եւ մասնակցելով Հայաստանին ու Արցախին նպաստելու ջանքերուն։


Վերջին քանի մը շաբաթներուն, Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբը, համագործակցութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լոս Անճելըսի քաղաքապետի ընտրութիւններուն մասնակցող Քեւըն տէ Լէոնի, Լոս Անճելըսի վերահսկիչներու խորհուրդի ընտրութիւններուն մասնակցող Հիլտա Սոլիսին եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն մասնակցող Միչ Օ՛Ֆերըլի ընտրապայքարներուն։
Այս առիթով, Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբը կը շեշտէ, թէ 7 Յունիսին իրականանալիք նախնական ընտրութիւններուն հայութեան մասնակցութիւնը յոյժ կարեւոր է՝ կարելի եղածին չափ մեծ թիւով հայանպաստ դիրքրքշում որդեգրած քաղաքական գործիչները ընտրելու համար։
Այս նպատակով, Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբը մօտէն կը գործակցի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «ՀայՎոթց» նախաձեռնութեան հետ։
