ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին «Գիրքի ակումբ»ին՝ Հինգշաբթի, 26 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Նունէ Լեւոնեանի բանաստեղծութիւններու ներկայացումը։
Ձեռնարկին կարելի է հետեւիլ Zoom հարթակին միջոցաւ (Meeting ID: 864 7185 3213, Passcode: 406800)։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 631-7611 թիւին։