ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 22 Մայիսին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան ժողովրդագրութեան հարցերուն նուիրուած համաժողով մը, որ կազմակերպուած էր The Future Armenian հիմնադրամին կողմէ: Անիկա կատարուեցաւ հանրային քննարկումներու ձեւաչափով, քաղաքացիական հասարակութան եւ պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Արցախեան համաժողովը առաջին քայլն էր, երկրորդը պիտի իրականացուի Երեւանի մէջ:
Հիմնադրամը, որ կը վայելէ 108 երկիրներու հայրենակիցներուն աջակցութիւնը, հայ ժողովուրդին համար կարեւոր 15 հարցեր կ՛առաջադրէ: Ժողովրդագրութեան հարցերը անոնցմէ են, իսկ երեք կարեւորագոյններուն կարգին են՝ Արցախի ապահովութիւնը եւ տնտեսութիւնը:
Արցախեան համաժողովին մասնակցողները ողջունեցին հիմնադրամի 6 համահիմնադիրներէն 4ը, Արցախի պետական նախարարը եւ նախագահը:
Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան առանձնացուց հանրապետութեան զարգացման շարք մը հիմնական ուղղութիւններ, որոնց կարգին՝ կայուն անվտանգութիւնը, ժողովրդագրական աճող խնդիրները, տնտեսութեան զարգացումը, որակեալ կրթութիւնը, արդիւնաւէտ կառավարումը: «Ժողովրդագրութիւնը շատ կարեւոր է Արցախի համար: Պատերազմից յետոյ իրականացուել են որոշ ծրագրեր, բայց դրանք կրել են կարճաժամկէտ բնոյթ: Ուստի համաժողովի անցկացումը ճիշտ ժամանակին է», հաստատեց Բեգլարեան:
Համաժողովին նախորդեց մասնագէտներու խումբի աշխատանքը, եւ հանդիպման մասնակցողներու քննարկման ներկայացուեցան քանի մը բեմագրութիւններ: Կարեւոր է, որ համաժողովին կը մասնակցղին բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչները հաւասար համամասնութեամբ՝ նկատի ունենալով սեռը, տարիքը եւ կրթութիւնը: Համաժողովին նպատակն էր վեր առնել խնդիրներու շրջանակը եւ մշակել անոնց լուծման յստակ ծրագիրներ:
Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արտակ Ապիտօնեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ կարողականութիւնը եւ ներուժը կայ, կարեւորը զանոնք գործադրելն է:
«Անվտանգութիւն, տնտեսութիւն, ժողովրդագրութիւն. ահա Արցախի հիմնական խնդիրները», հաստատեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան: Ան տեղեկացուց, որ հանրապետութեան կառավարութիւնը կը կատարէ բնակարանային շինարարութեան ծրագիրներ Ատրպէյճանի յարձակման իբրեւ արդիւնք բնակարան կորսնցուցածներուն համար՝ առաջնորդուելով «Իւրաքանչիւր ընտանիքի՝ բնակարան» կարգախօսով: «Արցախն ապրում է: Այն, որ մենք քննարկում ենք նման հարցեր, նշանակում է, որ հաւատում ենք ապագային», հաստատեց Արցախի նախագահը:
Մասնակցողներու քուէարկութեան արդիւնքները բուռն քննարկումներէ ետք հաստատեցին նախագահին խօսքերը. ամէնէն աւելի ձայները՝ էական տարբերութեամբ, հաւաքեց «Մնում ենք Արցախում» շարժումը:
Հիմնադրամի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան ընդգծեց, որ Արցախը չէ պարտուած, ոչինչ աւարտած է. «Հայ ժողովրդի պատմութեան մէջ այլ տխուր էջեր էլ են եղել: Գլխաւորը, որ արցախցիներն իրենց ապագան տեսնում են Արցախում»: