ՏԵՆՎԸՐ․- Քոլորատոյի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է զօրակցիլ իր հայանպաստ դիրքերով ծանօթ նահանգապետ Ճերըտ Փօլիսի վերընտրութեան։
Նշենք, որ Քոլորատոյի մէջ նախնական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 28ին։
«Նահանգապետ Փօլիս միշտ նեցուկ կանգնած է Քոլորատոյի հայութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կողքին, խստօրէն դատապարտած է հայատեաց քայլերը եւ Արցախի դէմ ցեղասպանական յարձակումը», կը յայտնէ Քոլորատոյի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Քիմ Քրիսթիանեան։
Յիշեցնենք, թէ Փօլիս 2020ին ստորագրած էր Հրէական Ողջակիզումը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ այլ ցեղասպանութիւններու մասին նիւթեր հանրային վարժարաններու մէջ դասաւանդել պահանջող բանաձեւը եւ այս տարուան Ապրիլին մասնակցած էր յարձակումի թիրախ դարձած եւ Քոլորատոյի նահանգային իշխանութեան կեդրոնին մէջ գտնուող նորոգուած հայկական խաչքար-յուշարձանին վերաբացումի արարողութեան։ Ան այս տարի եւս Ապրիլը «Ցեղասպանութեան իրազեկման ամիս» հռչակեց։