Հիւանդանոցային աղբիւրներ եւ ականատեսներ յայտարարեցին, թէ իսրայէլացի զինուորներ Հինգշաբթի օր սպաննած են երեք պաղեստինցիներ։
Ոստիկան մը սպաննուած է հարաւային Կազայի Խան Եունէս շրջանին մէջ, երբ իսրայէլացի զինուորներ գիւղը մուտք գործելով բախում ունեցած են ապահովական ուժերուն հետ։
Երկրորդ պաղեստինցին սպաննուած է աւելի ուշ՝ նոյնպէս Խան Եունէսի մէջ։
Հիւսիսային Կազայի Պէյթ Հանուն շրջանին մէջ զինեալներ նաեւ սպաննած են պաղեստինցի հողագործ մը, որ դաշտին մէջ կ՚աշխատէր։