Գրական երեկոներու «Բանաստեղծներու հետ» շարքին երկրորդը՝ նուիրուած նահատակ բանաստեղծ Սիամանթոյի (Ատոմ Եարճանեան) քերթողական արուեստին, տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2006ի երեկոյեան, Գահիրէի «Լ. եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ: Ներկայ էր գրասէր՝ հայ գրականութեան ծարաւն զգացող հասարակութիւն մը:
Յանուն կազմակերպիչներուն ներկաները ողջունելէ ետք, բժ. Արմէն Մազլումեան ամպիոն հրաւիրեց Վարուժան Գազանճեանը, ներկայացնելու քերթողն ու իր վաստակը:
Այս շարքին հասարակ յայտարարը, ինչպէս յիշեց բանախօսը, ներկայացուող բանաստեղծներու քերթուածներուն եգիպտահայ բեմի երախտաւոր՝ հանգուցեալ Հայկազ Գալուստեանի մեկնաբանութիւնն է, զոր տարիներ առաջ Վ. Գազանճեան նախանձախնդրութիւնն ունեցած է ձայնագրելու եւ պահպանելու: Այսպէս, բանախօսը յայտնեց, թէ Հ. Գալուստեան իր արտասանացանկին վրայ Սիամանթոյէն երեք քերթուած ունեցած է՝ «Ափ մը մոխիր», «Յոյսին համար» եւ «Կովկաս», որոնք մէջընդմէն ներկայացուեցան երեկոյթի ընթացքին:
Իր նիւթին անցնելով, ան նշեց, թէ Սիամանթոյի բանաստեղծութիւնները ներքին դժուարութիւններ չունին, հասկնալի են՝ ի հեճուկս այլ բանաստեղծներու, թէեւ կրնան արտաքին դժուարութիւններ ներկայացնել, օրինակ՝ օգտագործուած բառամթերքի եւ այլն: Այս մեկնակէտէն ալ ան հաղորդեց, թէ ներկայացման տարբեր մօտեցում պիտի որդեգրէ, բանաստեղծի ստեղծագործութիւնն առնչելով իր կենսագրութեան:
Այս առթիւ, ան ցաւ յայտնեց, որ հայ գրականագիտութեան մէջ կարեւորութիւն չէ ընծայուած մեր գրական դէմքերու կենսագրութեան, զոր մենք կը քաղենք դասագիրքերէ, առիթներով կատարուած հրապարակումներէ, մինչ այլ ժողովուրդներու մօտ զարգացած է կենսագրագիտութիւնը, հատորներու մէջ արձանագրելով տուեալ անձնաւորութեան կեանքի դրուագներն ու անցքերը, որոնք կրնան մեծ նշանակութիւն չունենալ՝ հասկնալու համար իր բանաստեղծութիւնը, որ ինքնին պէտք է ամբողջութիւն մը ներկայացնէ: Աւելի ուշ, ան մտահոգիչ նկատեց համացանցային կայքէջերու թափթփածութիւնը, օրինակ բերելով Սիամանթոյի երկերէն «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր» խորագրին իմաստի խեղաթիւրումը անգլերէն կայքէջի մը թարգմանութեան մէջ, ինչ որ կասկածելի կը դարձնէ մնացածի հաւաստիութիւնը:
Սիամանթոյի կեանքի հիմնական հանգրուաններու ներկայացման հետ ան նշեց բանաստեղծական հատորներու հրապարակման թուականները: Ան արձանագրեց, որ թէեւ բանաստեղծն իր կեանքի մեծագոյն մասն արտասահման ապրած է, այդ միջոցին գրելով իր բանաստեղծութիւնները, գլխաւորաբար երգած է հայ ազգի տառապանքը, կոտորածներն ու մաքառումը, յոյսը: Առանց ականատես ըլլալու, ան կոտորածի ահաւոր եւ փշաքաղիչ նկարագրութիւններ կատարած է, բոլորովին երեւակայութեան վրայ հիմնուելով:
Ան նշեց, թէ «Դիւցազնօրէն» հատորը 1899-1901 տարիներուն Սիամանթօ ենթադրաբար գրած է Փարիզ, Ցիւրիխ եւ Վիեննա, հրատարակած՝ 1902ին, «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր»ը՝ գրած 1897-1907 տասնամեակին Եւրոպա, հրատարակած՝ 1907ին, «Կարմիր լուրեր բարեկամէս» հատորը՝ որ արձագանգն է Ատանայի ջարդերուն, գրած է Պոլիս՝ 1909ի Մայիսէն Օգոստոս ամիսներուն, իսկ «Հայրենի հրաւէր»ը գրած է Մ. Նահանգներու մէջ, ուր հրատարակուած է 1910ին:
Թուած հատորներու ներկայացման անցնելով, ան յաջորդաբար ներկայացուց «Դիւցազնօրէն» հատորին մէջ ընդգրկուած եօթ բանաստեղծութիւնները եւ լուսարձակի տակ առնելով անոր զարգացման ընթացքը, հաստատեց, որ խորհրդապաշտական ուղղութեամբ գրուած այս հատորին մէջ բանաստեղծը երկարաշունչ ոճով ու հրեղէն բառերով ձգտած է արթնցնել զանգուածները եւ պայքարի, կռուի ուղղութիւնը ցոյց տալ անոնց, ներշնչելով «մահ իմացեալ անմահութիւն է» գաղափարը, որու յաղթական աւարտին պիտի հետեւի ստեղծագործ աշխատանքը, արդարութեան, հզօրութեան եւ զարգացման համար:
«Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր» հատորէն տարբեր բանաստեղծութիւններէ քաղուածքներով ան ցոյց տուաւ նիւթի համանմանութիւնը՝ կոտորած, ջարդ, արհաւիրք, ներկայացուած ընդհանուր պատկերներով, որուն աւելի ուշ հակադրեց «Կարմիր լուրեր բարեկամէս» հատորի ընդգրկած բանաստեղծութիւնները, ինչպէս «Պարը», «Լոգանք» եւ այլն, ուր ընդհանուր պատկերները փոխարինուած են մանրամասնութիւններով, քստմնելի նկարագրութիւնը կատարելով Եղեռնի մասնայատուկ դրուագներու:
Ան «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր»էն առանձնացուց «Ափ մը մոխիր» քերթուածը, որ յաճախ արտասանուած է բեմերէն, իբրեւ ժողովուրդին կողմէ ընկալուած բանաստեղծութիւն, նշեց՝ որ այն կը զատորոշուի իր իրապաշտութեամբ, գործածուած ածականներու եւ մակբայերու սղութեամբ:
Ծանրանալով բանաստեղծի ոճին, զինք այլ բանաստեղծներէ զատորոշող իւրայատկութիւններուն վրայ, ան վեր առնելով հայ բանաստեղծութեան Սիամանթոյի բերած նորութիւնը, բանաստեղծութեան մէջ խօսակցական լեզուին ներմուծումով ու օգտագործումով, որ 20րդ դարուն տարբեր ազգերու գրականութեան մէջ երեւոյթ մը դարձաւ, երբ նկատուեցաւ որ բանաստեղծական լեզուն դարեր շարունակ գործածուելով դարձած էր արուեստական, խզելով խօսակցական լեզուին հետ կենդանի կապը:
Վ. Գազանճեան ըսաւ, թէ ան հայ բանաստեղծութեան մէջ բոլորովին հեռացողն է չափէն ու յանգէն, միաժամանակ պահելով ներքին կշռոյթ մը, համապատասխան իր գործածած նախադասութիւններու իմաստին:
Ան ճաշակ մը փոխանցեց «Հայրենի հրաւէր» հատորէն, որ հայրենաբնակ հարազատներու բերնով Ամերիկա պանդխտածներու հայրենիք վերադառնալու կոչերու շարքն է: Բանախօսը այս հատորէն առանձնացուց «Հայ դաշտերու պաղատանքը» քերթուածը, ամբողջութեամբ ընթերցելով զայն:
Երեկոյթի փակման խօսքով, բժ. Արմէն Մազլումեան ցաւով նկատեց երիտասարդներու բացակայութիւնը, անոնց անհաղորդ մնալը հայ գրականութենէն, առաջարկեց գրական այս երեկոները շարժման վերածել եւ կենսունակ դարձնել, ներգրաւելու համար երիտասարդ սերունդը:
Աւարտին՝ ներկաները հիւրասիրութեան ընթացքին շարունակեցին քննարկել նոր սերունդը հայ մշակոյթով հարստացնելու միջոցները: