
Հինգշաբթի, 26 Մայիսի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմը հանդիսաւորապէս նշեց Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը: Այս առիթով, Թորգոմ եպս. Տօնոյեան առաջնորդ սրբազան հայրը նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Համբարձման հոգեւոր արարողութեան, իր կողքին ունենալով թեմի հոգեւորականաց դասը: Պատարագիչն էր Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սմբատ վրդ. Սապունճեան, որ առաջին հերթին ողջունեց առաջնորդը, ապա աւուր պատշաճի իր քարոզին մէջ վեր առաւ օրուան խորհուրդը՝ ըսելով, որ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը երկրաւորներուս կեանքին մէջ երկնքի դռները բացաւ, որպէսզի մարդ արարածը յոյս ունենայ՝ յաւիտենապէս Աստուծոյ արքայութեան մէջ ապրելու:
Յետ Ս. պատարագի, առաջնորդ սրբազանը նախագահեց Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին կազմակերպած Համբարձման տօնի «Սիրոյ Սեղան»ին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Պրենտվիու» սրահին մէջ, հիւրընկալութեամբ Զարուհի Քիւրքճեանի:
Առաջնորդին կողքին էին վեղարաւոր հայրեր, սրահը լեցուցած հիւրերու շարքին՝ Ազգային վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեան, եկեղեցիներու տիկնանց միութիւններու, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու, միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ էւ բարեկամներ։
Օրուան հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն վարեց Սօսի Կէօքկէօզեան, իսկ Տիկնանց օժանդակ մարմինին կողմէ ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Քելէճեան, որ բացատրութիւններ տուաւ Համբարձման տօնի յատուկ ճաշերուն եւ վիճակ ձգելու աւանդութեան մասին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ Ազգային առաջնորդարանին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան եւ քրիստոնէավայել վերաբերումին համար:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը. Վ. եւ Ա. Շամլեան Ազգային վարժարանի 5րդ կարգի 10 աշակերտներ ներկայացուցին ազգային տօնախմբութեան յատուկ՝ վիճակաձգութիւնը պատկերող տպաւորիչ «խաղ» մը, որուն աւարտին սրբազան հայրը աշակերտներուն նուիրեց Աստուածաշունչի օրինակներ, ապա անդրադարձաւ Համբարձման տօնի հոգեւոր եւ ազգային խորհուրդին եւ յուշանուէրով մը պատուեց օրուան բարերարուհի Զարուհի Քիւրքճեանը, միաժամանակ բարձր գնահատելով Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներուն աշխատանքը եւ հիւրերուն քաջալերական ներկայութիւնը՝ «Սիրոյ Սեղան» աւանդական ձեռնարկին:
Սրահին բարձր տրամադրութիւնը շարունակուեցաւ հայկական աւանդական երգերով, կատարողութեամբ Յովհաննէս Պալեանի: Խրախճանքին ընթացքին ներկաները նաեւ ձգեցին վիճակ, ընթերցանութեամբ Ալվարդ Բարսեղեանի:
Քաջալերուած «Սիրոյ Սեղան»ի բարեհամբոյր մթնոլորտէն՝ բարերարուհի Նուէր Սամուէլեան պատրաստակամութիւն յայտնեց հիւրընկալելու յառաջիկայ տարուան համբարձման ճաշկերոյթը։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ