Երիտասարդութեան հարցը նոր չէ, ան կը կրկնուի իւրաքանչիւր սերունդի հետ: Այդպէս է բոլոր ընկերութիւններու մէջ, մասնաւորաբար՝ ժամանակակից: Սովորական է, դասական ըլլալու չափ սովորական, որ նորերը հրապարակ գան բարեփոխման կամ յեղափոխութեան հեռանկարներով, մին կ՚ըսէ, թէ «թապուլա ռազա» պէտք է ընել եւ նորը սկսիլ, ուրիշ մը կը խորհի, որ երէցները մգլոտած են, թռիչք չունին, ժամանակավրէպ են, կամ կ՚արգելակեն յառաջդիմութիւնը: Երիտասարդութիւն մը, որ նորը բերելու եւ ստեղծելու կիրքը չունի, տարիքէն առաջ ծերացած կ՚ըլլայ: Երիտասարդութիւնը, նորերը, միշտ ունեցած են այն զգացումը, որ իրենց պարագան բացառիկ է, հետեւաբար անհասկնալի՝ զիրենք նախորդողներուն: Երիտասարդները իրապէս լուսաբանուած պիտի ըլլային, եթէ զիրենք նախորդողներուն հարցնէին, թէ իրենք ինչպիսի՛ զգացումներ ունէին իրենց երէցներուն նկատմամբ: Մի՞թէ անոնք արդէն հասուն ծնած էին, իրենց երէցներու պատկերով: Բայց հարցեր կան, կարելի չէ զանոնք անգիտանալ, իւրաքանչիւր սերունդ կ՚ունենայ ի՛ր հարցերը, մինչեւ որ անոնք ալ հարթուին այս կամ այն ձեւով, սովորական դառնան:
Ընդհանրապէս երիտասարդութեան հարցեր կան, որոնց մասին կը խօսին հոգեբաններ, քաղաքական գործիչներ, ընկերաբաններ, զանգուածային լրատուամիջոցները կը շահագործեն զանոնք՝ ուշագրաւ տեղեկութիւններու կամ հաղորդումներու համար: Նիւթը ընդարձակ է եւ այդ մասին խօսողները՝ բազմաթիւ: Հայ երիտասարդութիւնը, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ հայ երիտասարդները, առանձնացած չեն, խոզակի մէջ չեն ապրիր, անոնք եւս կը գտնուին նոյն աւազանին մէջ, մանաւանդ մեր օրերուն, երբ տեղեկութիւնները արագօրէն կը շրջին եւ զանոնք մաղէ անցընել կարելի չէ՝ նկատի ունենալով համացանցային դրութիւնը: Ընդհանրապէս երիտասարդութեան խնդիրներուն վրայ կը բարդուին հայ երիտասարդներու յատուկ խնդիրներ, որոնք նոյնատեսակ չեն մէկ երկրէ միւսը, մեր ժողովուրդի կացութեան բերումով: Տնտեսական, մշակութային, բարոյական արժէքներէ բխած տարբերութիւններ կան, զանոնք չենք կրնար անգիտանալ՝ կացութիւնը դիտելով սոսկ հայ ազգային տեսանկիւնէ: Բայց յանուն ժամանակին հետ քայլ պահելու ձգտումի՝ նոյն այս հայ ազգային տեսանկիւնը անգիտանալը աղէտ կը դառնայ հայ ժողովուրդին համար, զայն կը պարպէ իր իւրայատկութենէն, կը հեռացնէ իր ինքնութենէն, այսինքն ազգի մը անհետացման ճամբան կը հարթէ: Այդ ընթացքին կը հետեւին անոնք, որոնք տեղատուութիւնը կը համարեն ազգային քաղաքականութիւն:
Հայ ազգային համայնքը (որքան որ ալ անորոշ ըլլան անոր սահմանները, մասնաւորաբար՝ արտասահմանի մէջ) հայ երիտասարդներու, նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, ներգրաւման, մասնակցութեան բարդ խնդիր ունի. եւ եթէ չյաջողի զայն լուծել, մեր համայնքները կը դառնան ծագումով հայերու խմբաւորումներ, վերջնականապէս անհետանալէ առաջ: Այս կացութիւնը իբրեւ նուազագոյն չարիք ընդունողներ կան, վարդապետական մեկնաբանութիւններով: Ընդունելով հանդերձ այս պարզ իրողութիւնը, գիտակցելով հանդերձ կացութեան, երիտասարդներու հարցերուն կը մօտենանք այնպէս, կարծէք անոնք չափահասներ ըլլան, միջին սերունդի պատկանողներ, թէեւ տարիքէն առաջ ծերացածներ կան, երէցներու կաղապարով, փառասիրութիւններով, անոնց կաղապարին մէջ թրծուած, չափուած, ձեւուած, զորս անվարան կարելի է կոչել նաեւ պատեհապաշտներ:
Ժամանակակից ընկերութիւնը կը յատկանշուի ապագայի անորոշութեամբ. գործազրկութիւն, նոր բարքեր, թմրեցուցիչի գործածութիւն, ազատութիւններ եւ սանձարձակութիւններ, հիւանդութիւններ եւ համաճարակներ, պատերազմներ, քաղաքակրթական բախումներ, մարդոց յարաճուն եւ անսահմանափակ տեղափոխութիւններ: Ընդհանրապէս երիտասարդութեան հարցեր կան, եւ հայկական ընկերութիւնը անմասն չէ, անմասն չի կրնար ըլլալ: Փոխանակութիւնները եւ ազդեցութիւնները մաս կը կազմեն մեր կեանքին: Այս ընդհանրութեան աւազանին մէջ, ուր բնականօրէն թաթխուած ենք, մեր ժողովուրդը եւ այսօր մասնաւորաբար երիտասարդութիւնը, Հայաստան եւ Սփիւռք, կը դիմագրաւեն նաեւ այլ հարցեր. լեզու եւ ինքնութիւն, ազգային եւ ընդհանուր դաշտի վրայ քաղաքականացում՝ հակադրութիւններով եւ հակասութիւններով, յանձնառութիւններ: Աստիճանաբար ապաքաղաքականացող աշխարհի մը մէջ, ուր տնտեսութիւն եւ դրամագլուխ կը դառնան տիրապետող արժէք եւ արժեչափ, ականատես ենք ազգային եւ մշակութային ինքնուրոյնութիւններու հարթումին, որուն պատճառով հայ երիտասարդները հետզհետէ նուազ կը տարբերին իրենց հեռուի եւ մօտի սերնդակիցներէն:
Հայ ազգային ղեկավարութիւնը չի կրնար անտեսել երիտասարդութիւնը, անտեսումը պատմական ծանրակշիռ սխալ կ՚ըլլայ: Չանտեսել չի նշանակեր զայն նկատի ունենալ իբրեւ լրացուցիչ համրանք չափահասներու: Կարգախօսներով երիտասարդութիւն չի պահուիր, հրավառութիւնները յարդի բոց են: Ի՞նչ պէտք է տուած ըլլալ երիտասարդութեան, որպէսզի ան ինքզինք հարստացնէ, ինքզինք հաստատէ՝ առանց ինքնութեան կորուստի: Պարզ եւ ողջմիտ տրամաբանութիւնը մեզ դէմ յանդիման կը դնէ ազգային նկարագրով կրթական-դպրոցական որակաւոր համակարգին, Հայաստան, ի հարկէ, բայց նաեւ արտասահման, որպէսզի նորահաս սերունդները տոկան եւ տեւեն իբրեւ ազգի բեկոր: Իսկ կրթական համակարգի ստեղծումը եւ պահպանումը պետական գործ են, պետական վարկով: Նոյնիսկ ոչ զարգացած երկիրներու մէջ կրթական մարզին կը յատկացուի երկրի եկամուտին կարեւոր տոկոսը:
Մասնաւորելով մեր խօսքը Սփիւռքին՝ կրնանք հաստատել, որ գոյութիւն ունեցող ցրուած կրթական համակարգը ընդհանրապէս անբաւարար է՝ հայածնունդ երիտասարդութեան համրանքին բաղդատած: Ծառը պէտք չէ ծածկէ անտառը: Կան առաւել կամ նուազ չափով երիտասարդներ, ըստ գաղութներու, որոնք առանց հրաժարելու ընդհանրապէս երիտասարդ ըլլալէ, կ՚ընդունին նաեւ իրենց հայ երիտասարդի կացութիւնը: Բայց այս բացառութիւնները զանգուած չեն: Բացասականութիւնը յաղթահարելու ճամբան կ՚անցնի հայ որակաւոր դպրոցէն, դպրոցներէն, ուր մարդը պէտք է պատրաստել, որ ըլլայ նաեւ հայ, անոր տալով յաջողելու կարելիութիւններ եւ սեփական ժողովուրդին յատուկ հեռանկարներ: Յաջողելու կարելիութիւններ ընծայելու բաւարարութիւն տուող դպրոցական համակարգը անբաւարարութիւնը ազգային ղեկավարութեան ձախողութեան դրսեւորումն է:
Հայ երիտասարդներու հարցը, քաղաքական-գաղափարական ըլլալէ առաջ, կրթական-մշակութային է, որպէսզի ան նուաճէ իր տարբերութեան գիտակցութիւնը, որ առանց մշակոյթի սոսկ խաբկանք է, ծագումով հայերու անդիմագիծ ամբոխը առաջնորդող:
Ոչ ոք իրաւունք ունի քննադատելու երիտասարդութիւնը: Ան է, ինչ որ երէցներ ուզած են, որ ան ըլլայ, իր բովանդակութեամբ եւ հեռանկարներով: Եթէ ան կուլ կ՚երթայ շրջապատի եւ ազդեցութիւններու, լաւ կ՚ընենք պատասխանելով ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հարցումներուն: