ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («Արմենիա»).- Արժանթինի հայ համայնքը եւս բողոքի լուռ ցոյցով իր յարգանքի տուրքը տուաւ լրագրող Հրանդ Տինքի յիշատակին։ Երեքշաբթի, Յունուար 23ին Թուրքիոյ դեսպանին բնակարանին դիմաց կայացած նշեալ ցոյցին, որ կազմակերպած էին համայնքի երիտասարդական կազմակերպութիւնները, իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Պուէնոս Այրէսի գրեթէ բոլոր հայկական կազմակերպութիւնները:
Նախ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, Արժանթինի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի բնակարանին առջեւ։
Ինչպէս ամէն Ապրիլ 24ին, նաեւ այս առթիւ վահաններով եւ բիրերով զինուած բազմաթիւ ոստիկաններ երկար պատնէշ մը կազմած էին շէնքին շուրջ, որպէս խոչընդոտ աւելի քան 300 հայորդիներու առջեւ, որոնք սակայն խաղաղ ցոյց մը կատարեցին, ծաղիկներով ու վառուած մոմերով, ի յիշատակ լրագրող Հրանդ Տինքի։
Տեղական մամլոյ բազմաթիւ ներկայացուցիչներ ներկայ եղան եւ արձանագրեցին արարողութիւնը, որ ապա արձագանգ գտաւ զանազան լրատուուական միջոցներու մէջ: Հաւաքը սկսաւ «Հայր մեր»ով, կատարողութեամբ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեանի եւ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Փապլօ Հաքիմեանի, ընկերակցութեամբ քահանաներու։
Յուզում եւ զսպուած բարկութիւն կար բոլոր ներկաներուն մօտ՝ ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը պահանջող անձի մը սպանութեան անարդար ոճիրին ի լուր։
Ապա բոլոր ներկաները մէկ առ մէկ մեխակներ եւ վառուած մոմեր զետեղեցին Հրանդ Տինքի նկարին առջեւը եւ շուրջը։
Հաւաքը վերջ գտաւ մօտաւորապէս ժամը 20:30ին, սակայն բազմաթիւ ներկաներ շարունակեցին մնալ տեղւոյն վրայ, երկար ժամանակ, որպէս անկեղծ յարգանքի տուրք լրագրող Հրանդ Տինքի անմահ յիշատակին։