ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Սրտի դառն կսկիծով տեղեկացանք մեր ազգային նուիրեալ ընկերներէն տոքթ. Վեհունի Մինասեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 29 Մայիսին, Լոս Անճելըսի մէջ:
Տոքթ. Վեհունի Մինասեան ծնած է Պասրա, Իրաք, 1938ին: Ծնողները Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած են: Նախնական ուսումը ստացած է Պասրայի Մաըքըլ շրջանի հայկական վարժարանէն, իսկ երկրորդականը՝ պետական երկրորդական վարժարանէն, ապա շարունակելով ուսումը աւարտած է Պաղտատի համալսարանի բժշկական քոլեճը՝ 1968ին:
Տասնամեակներ պաշտօնավարած եւ ծառայած է իր մասնագիտութեան ոլորտին մէջ եւ ստանձնած կարեւոր պաշտօններ. 1973-1982ին եղած է Պասրայի արուարձաննրէն Շաթ ալ Արապի առողջապահութեան կեդրոնի տնօրէնը, 1983-1986ին՝ Ծննդաբերութեան եւ կնաբանութեան հիւանդանոցի տնօրէն, ապա Պասրայի առողջապահութեան վարչութեան գլխաւոր տնօրէնի օգնականը՝ 1987-1990ին։ Առողջապահութեան նախարարութեան գիտարուեստական հարցերու բաժինի տնօրէն եղած է 1991էն մինչեւ թոշակի անցնիլը՝ 2001ին: Նաեւ, 2001-2008ին պաշտօնավարած է իբրեւ տնօրէն «Սաըտուն» սեփական հիւանդանոցին մէջ:
Ազգային գետնի վրայ, տոքթ. Վեհունին հաւատացած է, որ իր ազգային դաստիարակութիւնը արդարացնելու լաւագոյն մարզը պիտի ըլլայ մուտք գործել ազգային-գաղափարական եւ ընկերային-միութենական դարբնոցներուն մէջ, եւ այդպիսով, ան եղած է ՀՅԴի անխոնջ անդամ Իրաքի մէջ, կարեւոր դիրքեր գրաւելով կուսակցութեան շարքերուն մէջ եւ ստանձնելով շարք մը կարեւոր պարտականութիւններ, զորս յետագային նաեւ շարունակած է Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէն ետք:
Ան եղած է Պասրայի Հայ Երիտասարդաց Միութեան վարչութեան ատենապետ (1974-1978 եւ 1984-1991) եւ գիրք հրատարակած է միութեան հիմնադրութեան վաթսուն ամեակին առիթով: Անդամ եղած է ՊՀԵԵ Միութեան, ինչպէս նաեւ Պաղտատի ՀՄԸՄին: Եղած է Իրաքի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ ծառայելով իբրեւ քարտուղար (1993-2002), ապա՝ իբրեւ վարչութեան փոխնախագահ (2006-2008):
Իբրեւ մտաւորական, տոքթ. Վեհունին եղած է պատմական հարցերու հետազօտող եւ վաստակաշատ գրող. իր ստորագրութիւնը կը կրեն բազմաթիւ արժէքաւոր յօդուածներ եւ հետազօտութիւններ, որոնք լոյս տեսած են հայկական եւ արաբական թերթերու մէջ: Ունեցած է Իրաքի հայ համայնքին մասին ծաւալուն հետազօտութիւն մը, որ լոյս տեսած է «Ասպարէզ» օրաթերթի էջերէն, (http://asbarez.com/arm/146717/յատուկ-ներդիր-նուիրուած-իրաքահ…) : Նաեւ, եղած է Իրաքի Հայոց թեմի «Կանթեղ» պարբերականի գլխաւոր խմբագիրը եւ Լոս Անճելըսի Վասպուրական միութեան «Վարագ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիրը:
Տոքթ. Վեհունիի համալսարանական կեանքի վերջին հանգրուանին էր՝ 1965ին, երբ մենք, տակաւին նորեկ համալսարանականներ, ծանօթացանք անոր հետ, եւ այնտեղ հանդիպեցանք այդ օրինակելի ու տիպար անձնաւորութեան՝ թրծուած ազգային-հայրենասիրական ոգիով: Եղանք ընկերներ։ Անոր համար կարեւոր չէր նոյն իր կուսակցութեան պատկանած ըլլալ թէ ոչ, կարեւորը՝ լա՛ւ հայ ըլլալն էր եւ ազգին ծառայեը իւրաքանչիւրը իր միջոցով ու տեսլականով։ Այդպէս էր, որ մենք դարձանք լաւ բարեկամներ, ու այդպէս ալ մնացինք մինչեւ վերջ, միշտ օգտուելով իր պատմական հարուստ գիտելիքներէն եւ արխիւէն, զորս երբեք չէր զլացած մեզի հետ կիսել:
Թող որ ամենակալ Աստուած իր գութով ողողէ հանգուցեալի հոգին եւ անոր նուիրումի ոգին փոխանցէ իր զաւակներուն ու գերդաստանին:
Յարգա՜նք ու պատիւ իր վաստակին եւ յաւերժ լոյս իր պայծառ յիշատակին: