Մենք կը պատրաստուէինք Շաբաթ, 20 Յունուար 2007ի երեկոյեան ժամը 7ին Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ քաջալեր հանդիսանալու Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Ամերիկահայ կազմակերպութիւններու խորհուրդի, այլ անունով Mount Davidson-ի խաչի յանձնախումբին կազմակերպած հանգանակային ճաշկերոյթին, բայց ինչ զուգադիպութիւն, որ այս երեկոյթին գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլար Հրանդ Տինքի մտերիմ բարեկամ ու գաղափարակից, Մինեսոթա համալսարանի Ցեղասպանութեան կեդրոնի դասախօս դոկտ. Թանէր Ագչամ:
Երեկոյթին ծրագրուած յայտագիրը որոշ փոփոխութիւններ կրելով, ինքնաբերաբար փոխուեցաւ Հրանդ Տինքի յիշատակի երեկոյի:
Սրահը արդէն իսկ յարդարուած էր Հրանդ Տինքի մեծադիր նկարներով: Ներկայ էին Աւետիս քհնյ. Թորոսեան, Սարգիս քհնյ. Փեթոյեան, վեր. Ներսէս Պալապանեան, քաղաքական անձնաւորութիւններ, շրջանի միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ ու շուրջ 300 ազգայիններ, որոնք եկած էին ունկնդրելու դոկտ. Թանէր Ագչամը:
Յայտագիրը սկսաւ ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներով, դաշնակի կատարմամբ Աղաւնի Խաչիկեանի: Օրուան հանդիսավարն էր Ճան Տալպըրկ, որ նախ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը անարգ ոճիրի զոհ գացած Հրանդ Տինքին: Նշենք, որ Հրանդ Տինքի յիշատակը տակաւին թարմ է Սան Ֆրանսիսքոյի հայութեան համար, որովհետեւ ան Մարտ 2006ին, թուրք այլախոհ մտաւորական Ռաղըպ Զարաքոլուի հետ միասին հրաւիրուած էր շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին՝ որպէս գլխաւոր բանախօս: Տակաւին ականջներուս մէջ կը հնչեն իր հետեւեալ խօսքերը. «Ապրիլ ազատ աշխարհի մէջ ու խօսիլ Ցեղասպանութեան մասին ուրիշ բան է, սակայն ապրիլ Թուրքիոյ մէջ ու խօսիլ Ցեղասպանութեան մասին՝ ուրիշ բան»:
Հանդիսավարը հրաւիրեց ու ներկայացուց դոկտ. Թանէր Ագչամը, տալով անոր կենսագրական գիծերը ու Հայ Դատին ու Ցեղասպանութեան նկատմամբ իր զգացումները:
Բանախօսը սկսաւ իր խօսքը ըսելով. «Ես հրաւիրուած էի հոս, խօսելու Օսմանեան կայսրութեան փաստագրութիւններուն մասին, որոնք կը վկայեն, որ Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան շրջանին, սակայն Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցը այդ մասին խօսելու կարիքը չի ձգեր, փամփուշտը, որ արձակուեցաւ Հրանդին վրայ, ըսել կ’ուզէ, թէ «մենք 1915ին ըրինք, այսօր եւս կ’ընենք». այս պատգամն էր, որ տրուեցաւ երէկ արար աշխարհին»: Ան շարունակեց իր խօսքը ըսելով. «Ես առաջին անգամ հանդիպեցայ Հրանդին 1991ին, ան շատ անհանգիստ էր, շատ վրդովուած էր իր հայրենակիցներէն եւ կ’ըսէր. «Ասոնք շատ վախկոտ են, կը պահուըտին, կը վախնան հրապարակ գալու եւ ըսելու, թէ իրենք հայ են, պէտք է դուրս գանք մեր վանդակներէն եւ յայտարարենք, որ մենք հայ ենք, մենք Պոլիս կ’ապրինք ու Թուրքիոյ քաղաքացի ենք եւ ժողովրդավար Թուրքիա մը կ’ուզենք»: «Ակօս» ամսաթերթը ծնունդն է այս մտածումներուն. «Ակօս»ը բողոքի արտայայտութիւններու արդիւնքն է: Հրանդ յաճախ սպառնալիքներ ստացած է իր կեցուածքին համար, վերջին նամակը որ ան ցոյց տուաւ ինծի Յունուար 5, 2007ին, սպառնալիք մըն էր իր զաւկին համար. նամակին մէջ կ’ըսէին՝ մենք պիտի սպաննենք քու որդիդ, ու կու տային հասցէ մը, որկէ Հրանդ կրնար իր զաւկին դիակը վերցնել»:
Շարունակելով Հրանդի Տինքի մտածումներուն մասին խօսիլ, Թանէր Ագչամ աւելցուց. «Եթէ նկատած էք, Տինք իր գրութիւններուն մէջ երբեք չէ գործածած ցեղասպանութիւն բառը, ան կ’ըսէր՝ ես գիտեմ ինչ պատահեցաւ իմ ազգիս, արմատախիլ եղաւ ամբողջ ժողովուրդ մը, ամբողջ մշակոյթ մը, բան չէր մնացած, հոգս չէ, թէ ինչ անուն կու տաս անոր, չկայ որեւէ բառ, որ կարենայ նկարագրել այս ճիւաղային երեւոյթը, որ պատահեցաւ իմ ժողովուրդիս»: Ուրիշ սարսափելի սպառնալիքի մը մասին խօսելով, Ագչամ շարունակեց. «Ես «Ակօս»ի գրասենեակին մէջ էի իր հետ, ան պատմեց.- Քանի մը ամիս առաջ հրաւիրուած էի Պոլսոյ կառավարիչին գրասենեակը, տեղակալ կառավարիչը եւ քանի մը գաղտնի ոստիկաններ կային ներկայ: Զիս հարցաքննեցին, թէ ինչ փաստեր ունիմ եւ ուրկէ՞ գիտեմ, թէ Աթաթուրքին որդեգրած աղջիկը հայ է եւ այլազան հարցումներ: Վերջաւորութեան ինծի ըսին, դուն պիտի վճարես այն բոլորին համար, որ կ’ընես. իսկ դուրս ելած պահուս, ոստիկանուհին, որ ներկայ էր հարցաքննութեանս, զգուշացուց զիս ըսելով՝ պրն. Տինք, գիտես, որ փողոցները շատ մը կատղած տղաք կան, որոնք զսպելը մեզի համար կրնայ ըլլալ մեր կարողութենէն վեր է: Այս բոլորը ըսուած է իրեն անձամբ՝ Պոլսոյ կառավարիչի սենեակին մէջ»:
Ապա Ագչամ աւելցուց՝ «Ոեւէ մէկը պէտք չէ փնտռէ ոճրագործը ուրիշ տեղ, ոճրագործը կառավարիչի գրասենեակին մէջ է, Անգարայի մէջ է»: Եզրակացնելով իր խօսքը, Ագչամ ըսաւ. «Ակօս»ը Հրանդին կողմէ բացուած վարդ մըն է թրքական անապատին մէջ, մեր բոլորին պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ պահել ու պահպանել «Ակօս»ը, որպէսզի չթառամի այս վարդը, Հրանդին ի պատիւ»:
Յաջորդ առաւօտ, անտեսելով իրեն դէմ եղած բոլոր սպառնալիքները, դոկտ. Թանէր Ագչամ թռիչք առաւ դէպի Պոլիս, ներկայ ըլլալու Հրանդ Տինքի թաղման արարողութեան:
Կիրակի, Յունուար 21ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, տէր հայրը իր քարոզի ընթացքին հանգամանօրէն անդրադարձաւ Հրանդ Տինքի կեանքին ու անոր հայրենասիրական աշխատանքներուն: Ան ըսաւ, թէ բարեբախտաբար Հրանդի մտածումները բաժնող թուրք մտաւորականներ շատ կան Թուրքիոյ մէջ, եւ թէ «Տինք Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ ժողովուրդին խղճի ձայնը հանդիսացաւ իր խրոխտ ելոյթներուն շնորհիւ, շատ մը հայեր, որոնք վախի ազդեցութեան տակ ակամայ իրենց հայութիւնը իրենց սրտին մէջ պահած էին, միայն իրենց տան մէջ կ’աղօթէին, անոնց ուժ ներշնչեց, կորով ներարկեց»:
Պատարագի վերջաւորութեան հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հրանդ Տինքի հոգիին համար:
Յետմիջօրէին, ժամը 2ին, կազմակերպութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի Յանձնախումբին, եկեղեցւոյ «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը 100է աւելի հայրենակիցներու ներկայութեամբ, որոնք եկած էին լսելու Հրանդ Տինքի սպանութեան վերջին լուրերը: Զեկուցեց Յանձնախումբի անդամներէն Ռոքսան Մաքասճեան: Ան լայնօրէն անդրադարձաւ Հ. Տինքի թուրքի փամփուշտով տխուր ու ցաւալի մահուան, ըսելով. «Մեր հայրենակիցը, մեր բարեկամը՝ Հրանդ Տինք, թուրքի կապարներով զգետնուած է իր խմբագրատան առջեւ»: Ռ. Մաքասճեան ցուցադրեց լուսանկարներ Տինքի ահաբեկման տեսարաններէն, ինչ որ կրցած էր համադրել զանազան օտար համացանցերէ. ապա ան շարունակեց տալ Տինքի կենսագրական գիծերէն բաժիններ:
Ձեռնարկի վերջաւորութեան ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որ նկարահանուած էր Տինքի 10ը ամիսներ առաջ Սան Ֆրանսիսքօ այցելութեան ատեն, Հայ Դատի Յանձնախումբի ձեռնարկին իբրեւ գլխաւոր բանախօս: