ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մոլորած եւ ատրպէյճանական կողմը յայտնուած Բերձորցի 69ամեայ բնակիչը խաղաղապահներուն միջնորդութեամբ վերադարձուեցաւ հայկական կողմին: Այս մասին յայտառառութեան մը միջոցաւ յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ 1 Յունիսին, ոստիկանութեան հերթապահութիւնը հաղորդում ստացաւ Բերձոր քաղաքի 69ամեայ բնակիչ Ա. Ա.ի անհետ կորսուելուն մասին:
Ոստիկանութեան Քաշաթաղի շրջանային բաժինի եւ Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան զօրակազմի ծառայողներուն կատարած որոնողական աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք պարզուեցաւ, որ վերջինս մոլորած եւ յայտնուած է ատրպէյճանական կողմը:
Խաղաղապահներու միջնորդութեամբ տարուած բանակցութիւններուն շնորհիւ, 9 Յունիսի կէսօրուան ժամը 12ի շուրջ, քաղաքացին փոխանցուեցաւ ոստիկանութեան Քաշաթաղի շրջանային բաժինի ծառայողներուն: