ԵՐԵՒԱՆ.- «Դիմադրութիւն» շարժման մասնակցողները 9 Յունիսին կատարեցին անհնազանդութեան գործողութիւններ եւ Ֆրանսայի հրապարակէն երթով ուղղուեցան դէպի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքը, ուր տեղի կ՛ունենար Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն մամլոյ միացեալ ասուլիսը: Շէնքին առջեւ կային մեծաթիւ ոստիկաններ:
Երթին մասնակցողները բարձրացուցին «Նիկոլը մեզ չի՛ ներկայացնում», «Արցախը պէտք է մնայ հայկական», «Արցախը չի կարող լինել Ադրբեջանի կազմում», «Նոր զիջումներ պիտի չըլլան» գրութիւններով պաստառներ:
«Հայաստան» խմակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց, որ իրենք հոն կը գտնուին նախարար Լաւրովին ըսելու, որ այն անձերը, որոնց հետ բանակցութիւններ կը կատարուին, կապ չունին հայ ժողովուրդի կամքին եւ դիրքորոշման հետ, իրենց հետ ձեռք բերուած որեւէ պայմանաւորուածութիւն առ ոչինչ է, որովհետեւ իրենք չունին յանձնառութիւն ժողովուրդին կողմէ երկիրը նոր զիջումներու տանելու: «Այսօր մեր նպատակը շէնք շրջափակելը չէ, մեր նպատակն ուղերձները հասցնելն է, ասել, որ ինչքան էլ փորձեն ներկայացնել, թէ Հայաստանում ճգնաժամ չկայ՝ ճգնաժամ կայ ու, առհասարակ, ՀՀ ժամանող ցանկացած պատուիրակութիւն ժողովրդի շունչը պէտք է տեսնի ու զգայ, բոլորը պէտք է տեղեակ լինեն հրապարակում ժողովրդի ներկայացրած օրակարգի մասին», նշեց ան:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեան ռուսերէնով դիմեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին՝ ողջունելով անոր Հայաստան այցելութիւնը եւ դիտել տալով, որ ներկայի իշխանաւորները ոչ միայն չեն ներկայացներ ժողովուրդին կամքը եւ տեսլականը, այլ իրենց իշխանութեան տարիներուն ամէն ինչ ըրած են, որպէսզի վտանգուի հայ-ռուսական յարաբերութիւնը: «Մենք, սակայն, վստահ ենք , որ մօտ ժամանակներս, երբ դէ իւրէ (իրեղապէս) այդ խմբաւորումն այլեւս չլինի իշխանութիւն այդ վտանգները կը չէզոքացուեն եւ Հայաստանը կը լինի ուժեղ երկիր , Արցախի ու արցախցի մեր քոյրերի ու եղբայրների անվտանգութեան իրական երաշխաւորը: Կրկին արձանագրենք, որ սոյն խմբաւորման անդամները, որոնք այս պահին գտնւում են ԱԳՆ շէնքում, ներկայացնում են բացառապէս իրենց իսկ շահերը, ոչ թէ՝ հայ ժողովրդի: Նոյնիսկ, եթէ նրանք խոստանան ստորագրել բազմատեսակ փաստաթղթեր, դրանք իրաւաբանական որեւէ ուժ չեն ունենայ: Մէկ անգամ եւս ողջունում ենք պարոն Լաւրովին ու ասում՝ «Առանց Նիկոլ Հայաստան», եզրափակեց ան:
Նոյն օրը երեկոյեան դարձեալ հաւաք եւ քայլարշաւ տեղի ունեցան Երեւանի փողոցներուն մէջ: