
ՀԱՊԿի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով Հայաստան գտնուող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով տուաւ մամլոյ ասուլիս մը: Պատասխանելով հայաստանեան լրատուամիջոցի մը այն հարցումին, թէ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերը ի՛նչ կ՛ընեն՝ Արցախի Հանրապետութեան Փառուխ գիւղը բռնագրաւած ատրպէյճանական զինուած ուժերը իրենց ելման դիրքերը վերադարձնելու համար՝ Լաւրով ըսաւ, որ Արցախի մէջ իրադրութեան կայունացումը ռուս խաղաղապահներու առաջնահերթութիւններէն է, եւ այդ առումով արդէն կան որոշ արդիւնքներ: «Մեր հայ ընկերները շատ լաւ տեղեկացուած են այդ մասին: Այնտեղ արդէն կան որոշ արդիւնքներ գետնի վրայ լարուածութեան թուլացման առումով, եւ մեր մօտ կայ այն ըմբռնումը, որ այդ հարցերը պիտի դիտարկուին եւ անպայման պիտի լուծուին սահմանազատման մեկնարկող առարկայական աշխատանքներու ծիրին մէջ», նշեց Լաւրով:
Պաքու արձագանգեց Փառուխ գիւղին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ Լաւրովի յայտարարութեան՝ նշելով, որ անիկա կը գտնուի Խոջալուի շրջանին մէջ եւ «կապ չունի Հայաստանի հետ սահմանազատման հարցին հետ»:
«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ ստեղծուած սահմանազատման յանձնաժողովներու գործունէութիւնը ունի երկու երկիրներու պետական սահմաններու սահմանազատման նպատակ», ըսաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլաեւա:
Ան ընդգծեց, որ այս գործընթացի ծիրին մէջ չի նախատեսուիր դիտարկել ատրպէյճանական-հայկական պետական սահմանէն դուրս որեւէ հարց, որոնց կարգին՝ այն տարածքներու հետ, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը: