
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ Լորէթ Աւանէսեան նշանակուած է Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Ազգային մանկամսուր-մանկապարտէզի վարիչ: Թիւֆէնքեան մանկամսուրը ծառայած է Լոս Անճելըսի հայ համայնքին 1975էն ի վեր: Լորէթ Աւանէսեան վարիչի իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 2022-2023 կրթական տարեշրջանին:
Աւանէսեան ազգային վարժարաններու եւ մանկամսուրներու շրջանակին քաջատեղեակ անձնաւորութիւն մըն է: Ան շրջանաւարտ է Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Ազգային մանկամսուրէն եւ Շամլեան վարժարանէն եւ կը ծառայէ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուրին մէջ 2009էն ի վեր, իբրեւ համադրող վարչական, իսկ 2018էն ի վեր՝ օգնական վարիչ:
Աւանէսեան մագիստրոսի տիտղոս ունի մանկավարժական ճիւղին մէջ USC համալսարանէն, իսկ պսակաւոր արուեստի վկայականը ստացած է հոգեբանութեան ճիւղի մասնագիտութեամբ UCLA համալսարանէն: Նաեւ, մանկամսուրի տարիքի մանուկներու մանկավարժական կրթութիւնը ձեռք ձգած է՝ հետեւելով UCLA extension ծրագիրին:
«Անցնող ամիսներուն, Թիւֆէնքեան մանկամսուրի վարիչի պաշտօնին համար զանազան որակաւոր թեկնածուներու հետ հարցազրոյցներ կատարեցինք: Խնամակալ մարմինը կը փափաքէր այս պաշտօնին ատակ անձնաւորութիւն մը գործի հրաւիրել, որ կարենար Արսինէ Աղազարեանի տարիներու վաստակին եւ ծառայութեան հարազատ ժառանգորդը ըլլար: Շնորհիւ Լորէթ Աւանէսեանին՝ մենք կրցանք գտնել յարմարագոյն վարիչը, որ պիտի շարունակէ Թիւֆէնքեան մանկամսուրի պատուաբեր ծառայութիւնը նոյն բծախնդրութեամբ եւ աչալրջութեամբ», յայտնեց Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան, որ աւելցուց՝ ըսելով. «Հպարտութեամբ կը լեցուի մեր էութիւնը, երբ կը տեսնենք, որ Ազգային վարժարանի մեր արժանաւոր շրջանաւարտներէն Լորէթը կը ստանձնէ մանկամսուրի վարիչի պաշտօնը: Աւանէսեանի մասնագիտական կեցուածքն ու մօտեցումը՝ մեր ծնողներուն, ուսուցիչներուն, վարչական պաշտօնէութեան, ինչպէս նաեւ անսահման սէրը եւ նուիրումը՝ մանկամսուրին, զուգորդուած իր մասնագիտական տուեալներով, կը հաստատեն, թէ Լորէթը պիտի կարենայ Թիւֆէնքեան մանկամսուրը նոր յաջողութիւններու հասցնել»:
Խնամակալ մարմինը սրտանց կը շնորհաւորէ Լորէթ Աւանէսեանը իր ստանձնած պաշտօնին համար: Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուրի Ուսումնական մարմինը եւ շրջապատը յաջողութիւն կը մաղթեն մանկամսուրին, իր առաքելութեան մէջ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ