ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Կիրակի, 12 Յունիսին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն առաջին հանգրուանը։
Ինչպէս Ֆրանսայի վերջին տարիներու բոլոր ընտրութիւններուն, այս անգամ եւս գլխաւոր յաղթականը հանդիսացաւ ձեռնպահութիւնը, որուն տոկոսը մրցանիշներ հաստատելով՝ հասաւ մինչեւ 52-53 առ հարիւրի, ըստ նախնական գնահատականներուն։
Այս ընտրութիւններու արդիւնքներուն երկրորդ կարեւոր յատկանիշն է ձախակողմեաններուն վերյառնումը, վերջին տարիներու շարունակական տեղատուութենէն ետք։
Արդարեւ, «Անհնազանդ Ֆրանսան» (La France Insoumise) կուսակցութեան պարագլուխ Ժան-Լիւք Մելանշոնի գլխաւորած իր դաշինքով, նախորդ ընտրութիւններուն հետ բաղդատելով՝ Ձախը արձանագրեց տպաւորիչ բեկում մը, որ իրեն թոյլ տուաւ հասնելու նախագահ Մաքրոնի դաշինքին մակարդակին (մօտաւորապէս 26ական տոկոս), որուն պատճառով խորհրդարանին մէջ Մաքրոն կրնայ զրկուիլ բացարձակ մեծամասնութենէն։
Ձայներու շուրջ 20 տոկոսով երրորդ դիրքի վրայ է Մարին Լը Փենի գլխաւորած ծայրայեղ աջակողմեան համախմբումը։
Նշենք, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու Բ. հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Կիրակի (19 Յունիսին)։