ՔԱՆՏԱՀԱՐ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29ին, յաջորդական երրորդ օրն ըլլալով անձնասպանական արարքի մը թիրախ դարձան Աֆղանիստան հաստատուած ՆԱԹՕի խաղաղապահ ուժերը: Չորեքշաբթի օրուան յարձակումին զոհ գացին զինեալ մը եւ երկու քաղաքայիններ, մինչ ՆԱԹՕի ուժի անդամները վնասները չկրեցին:
Երկուշաբթի օր տեղի ունեցած այլ յարձակումի մը զոհ գացած էին քանատացի երկու զինուորներ, իսկ Երեքշաբթի օրուան յարձակումին միակ զոհը անձնասպանութեան դիմած զինեալն էր: Այդ յարձակումին հետեւանքով վիրաւորուած էր ՆԱԹՕի զինուոր մը:
Նկարին մէջ, աֆղան ոստիկաններ կը զսպեն Չորեքշաբթի օրուան պայթումին պատճառած հրդեհը: