ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Պուլկարիա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 14 Յունիսին հանդիպում ունեցաւ այդ երկրի նախագահ Ռումեն Ռատեւի հետ:
Անոնք քննարկեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային ապահովական հարցեր։ Միրզոյեան ներկայացուց հարաւկովկասեան տարածաշրջանին իրավիճակը, մասնաւորապէս` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն եւ Արցախի տագնապի կարգաւորման գործընթացին վերաբերող վերջին զարգացումները:
Երկուստեք շեշտուեցաւ, որ տագնապը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով: Այս առումով Միրզոյեան ընդգծեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան դերը՝ Արցախի հակամարտութեան մնայուն լուծման մէջ:
Անդրադառնալով փոխադրամիջոցային ենթակառուցուածքներու ոլորտին մէջ միջազգային համագործակցութեան հեռանկարներուն` անոնք կարեւոր նկատեցին «Պարսից ծոց-Սեւ ծով» երթեւեկի միջանցքի ստեղծման ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքներու իրականացումը:
Միրզոյեան նաեւ հանդիպում ունեցաւ Պուլկարիոյ իր պաշտօնակից Թէոտորա Կենչովսքայի հետ. Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը մտահոգութիւն յայտնեց իշխանութիւններու շարունակական հայատեաց եւ ռազմատենչ հռետորաբանութեան, Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ սադրիչ գործողութիւններուն գծով։
Ան իր պաշտօնակիցի ուշադրութեան յանձնեց նաեւ այն փաստը, որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եզրերու կոպիտ խախտումով Ատրպէյճան կը շարունակէ պատանդ պահել հայ ռազմագերիներ եւ քաղաքացիներ:
Կողմերը քննարկեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային ապահովութեան վերաբերող հարցեր: Նախարար Միրզոյեան ներկայացուց Արցախի տագնապին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ հայկական կողմին դիրքորոշումը` տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղուած գործընթացներու, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններուն վերաբերեալ:
Ընդգծուեցաւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան միջնորդական դերը Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման մէջ:
Յատկապէս կարեւոր նկատուեցաւ 44օրեայ պատերազմին իբրեւ արդիւնք ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ Ատրպէյճանի կողմէ համամարդկային մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող հայկական կոթողներու ինքնութեան խեղաթիւրման եւ ոչնչացման հետեւողական քաղաքականութեան կանխումը: Այս պարունակին մէջ, Միրզոյեան շեշտեց միջազգային հանրութեան յստակ եւ հասցէագրուած արձագանգի, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ համապատասխան միջազգային կառոյցներու ներգրաւուածութեան, յատկապէս` ԵՈՒՆԵՍՔՕի փաստահաւաք առաքելութեան անարգել իրականացման հրատապութիւնը:
Միրզոյեան իր պաշտօնակիցին ներկայացուց Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները: