ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Կիրակի, 12 Յունիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին, որուն ընթացքին աւուր պատշաճի քարոզեց եւ կատարեց սրբապատկերներու օծում, քրիստոնէական բարեպաշտութեամբ լեցնելով ներկաներուն սիրտերը:
Միքայէլ Հրեշտակապետը եւ Ս. Սարգիսը ու անոր զաւակը՝ Մարտիրոսը, պատկերող սրբապատկերներու նուիրատուն է Մանուկ սրկ. Չուլեան, իսկ Ռաֆայէլ Հրեշտակապետինը՝ Սուրէն սրկ. Հազարեան:
Այս առիթով իր արտասանած պատգամին մէջ առաջնորդ սրբազանը նախ բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանը, Հոգաբարձական կազմը, սարկաւագաց եւ երգեցիկ խումբերը ու բոլոր այն նուիրեալները, «որոնք իրենց շնորհներով ու բերած ծառայութեամբ կը պայծառացնեն Տէրունական երդիք՝ Ս. Կարապետ մայր եկեղեցին»:


Շարունակելով իր խօսքը՝ առաջնորդ սրբազանը սաւ. «Սրբապատկերներու օծման արարողութեան ընթացքին, խնդրամատոյց եղանք արարիչ Աստուծոյ, որ իր երկնային շնորհքին մէջ պահէ մեզ բոլորս, եւ սրբապատկերները բարեբեր ներկայութիւն դառնան բոլոր այն շրթունքներուն դիմաց, որոնք աղօթքով կը բացուին անոնց առաջ եւ բոլոր այն աչքերուն դիմաց, որոնք հաւատքով կը նային պատկերներուն, անոնց ընդմէջէն քաղելու համար աստուածային պտուղներ»:
Յայտնենք, որ եկեղեցական արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամներ, սրբապատկերներու բարերարներու ընտանիքները եւ հաւատացեալ ժողովուրդ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ