
Մուհամմատ Ալի առիթով մը ըսած էր, թէ ուրիշին կատարած սպասարկութիւններդ պէտք է նկատես այս աշխարհին վրայ ապրելու տուրքդ: Հանրութեան օգտակար հանդիսացող իւրաքանչիւր կամաւորի մը սիրտէն գեղեցիկ լոյս մը կը ճառագայթէ եւ կամաւոր սպասարկութիւնը կը հանդիսանայ ՀՄԸՄի առաքելութեան հիմնական կէտերէն մէկը, որ ամրագրուած է «Բարձրացիր, բարձրացուր» նշանաբանին մէջ, որմով ՀՄԸՄը վերջին առաւել քան 100 տարիներուն սերունդներ դաստիարակած է:
ՀՄԸՄի բազմատեսակ ծրագիրները կը շարունակեն բարգաւաճիլ՝ շնորհիւ անոր նուիրեալ կամաւորներուն. կազմակերպութիւնը այսօր իր շարքերուն մէջ ունի աւելի քան 2000 սկաուտներ եւ աւելի քան 7000 մարզիկներ:
Նշեալ կամաւորները իրենց ժամանակը եւ կորովը առատաձեռնօրէն կը նուիրեն ՀՄԸՄին եւ անոր անդամներուն, ոչ միայն զանազան միջացառումներ կարելի դարձնելով, այլ նաեւ բարձրացնելով բոլոր անդամներուն կորովը: Անոնց ներկայութիւնը կենսական է յատկապէս մարզական մրցաշարքներու ընթացքին, որոնք սովորաբար կը սկսին Սան Տիէկոյի մէջ, շարունակուելու համար Ֆրեզնոյի եւ Օրենճ գաւառին մէջ, հասնելու համար անոնց գագաթնակէտին՝ Նաւասարդեան մարզախաղերուն, որոնց 45րդը տեղի պիտի ունենայ 4 Յուլիսի շաբաթավերջին, Լոս Անճելըս քաղաքի համալսարանին մէջ:
Ծնողներ կը տրամադրեն ժամեր՝ նեցուկ կանգնելու համար իրենց զաւակներուն մարզական նախասիրութիւններուն: Այդ ծնողներէն մէկն է Ալին Չաղլասեան, որ հպարտութեամբ կ՛արտայայտուի ՀՄԸՄի մարզախաղերուն՝ իր երեք զաւակներուն մասնակցութեան մասին, որ իրականութիւն դարձած է շնոհիւ իր տրամադրած երթեւեկի կարելիութիւններուն: Ան յոյժ կարեւոր կը համարէ զիրար քաջալերելու ՀՄԸՄականներու յատկութիւնը, որովհետեւ կը հաւատայ, որ ազնուութիւնը ամէնէն յատկանշական ազդեցութիւնը կը ձգէ մարդոց վրայ: Ազնուութիւնը խթանելու ջանքին մէջ, Ալին Չաղլասեան կենսական կը նկատէ ՀՄԸՄի անդամներուն մէջ մարզական ոգին մշակելու առաքինի աշխատանքը:

Յիշեցնենք, որ տէր եւ տիկին Արա եւ Ալին Չաղլասեանները պատուոյ նախագահներն են Նաւասարդեան 45րդ մարզախաղերուն: Անոնք, ՀՄԸՄի բազմաթիւ կամաւորներուն կողքին, պիտի մեծարուին 26 Յունիսին, «Պեվըլի Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունենալիք «Յաղթանակի պարահանդէս»ին ընթացքին, որ առիթ մը պիտի հանդիսանայ տօնելու ՀՄԸՄի մարզական, սկաուտական եւ հանրային սպասարկութիւնները:
ՀՄԸՄի շարքերուն մէջ ակնյայտ է նաեւ նոյն ընտանիքի մը տարբեր սերունդներու ներկայութիւնը, նպաստելով կազմակերպութիւնը ընդգրկուն ընտանիքի մը վերածելու ջանքերուն:
«Շատ մը ՀՄԸՄականներ իրենց կողակիցին ծանօթացած են ՀՄԸՄի շնորհիւ եւ այժմ անոնց զաւակները, մեր ամէնէն փոքրիկ կամաւորները, կը շարունակեն իրենց ծնողներուն սկսած այս գեղեցիկ գործը», կը յայտնէ «Յաղթանակի պարահանդէս»ի կազմակերպիչ յանձնախումբի փոխատենապետ Շանթ Հայթայեան, որ ՀՄԸՄը մարմնացումը կը նկատէ աւանդական հայ ընտանիքի արժանիքներուն՝ սէր, սպասարկութիւն եւ հայ մշակոյթի արժեւորում:
Յատկանշական է նաեւ, որ ՀՄԸՄականները կամաւոր սպասարկութեան կը մղուին՝ ականտես դառնալով իրենց երէցներուն կամաւոր աշխատանքին, ապահովելով այդ առաքինութեան փոխանցումը սերունդէ սերունդ:
Այդ առաքինութիւն ժառանգած ՀՄԸՄականներէն մէկն է Անիթա Տէրտէրեան, որ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անդամ է եւ հանդիսացաւ
Շրջանի ՀՄԸՄին առաջին մարզական վարիչը: Ան կը յայտնէ, թէ ՀՄԸՄը կը նկատէ իր ընտանիքը եւ անհաւատալի կը համարէ այն իրողութիւնը, որ կազմակերպութեան կամաւորներուն 90 տոկոսը անդամներուն ընտանեկան պարագաներն են, մեծապէս նպաստելով ՀՄԸՄի յաջողութեան եւ ապագայ զարգացման:
1-3 Յուլիսի շաբաթավերջին տեղի ունենալիք ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 45րդ մարզախաղերուն եւ 26 Յունիսի «Յաղթանակի պարահանդէս»ին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ հովանաւորութեան առիթներու ծանօթանալու համար այցելել NavasartianGames.com կայքը կամ դիմել (323) 344-4300 թիւին:
(Քաղուած Քեթի Սիմոնեանի անգլերէն թղթակցութենէն)