ՄՈՍԿՈՒԱ, «Էյ.Փի.».- Աշխարհի տարածքին կաշառակերութեան դէմ պայքարող Միջազգային թափանցիկութիւն կազմակերպութիւնը կը հաղորդէ, թէ նախագահ Վլատիմիր Փութինի իշխանութեան օրերուն կաշառակերութիւնը եօթը անգամ բազմապատկուած է Ռուսիոյ մէջ, հակառակ այն իրողութեան, որ նախորդ նախագահ Պորիս Ելցինի իշխանութեան օրերուն եւս կաշառակերութիւնը տարածուած էր:
Ռուսիոյ ընդհանուր դատախազի տեղակալ Ալեքսանտր Պուքսման կ’ընդունի, թէ կացութիւնը յոյժ մտահոգիչ է եւ կ’աւելցնէ, թէ պետական պաշտօնեաներ տարեկան մօտաւորապէս 240 միլիառ տոլար կաշառք կը ստանան:
Ըստ Պուքսմանի, այս տարուան առաջին տասը ամիսներուն ընթացքին արդէն իսկ կաշառակերութեան 9000 պարագաներ բացայայտուած են: