ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան գտնուող ամերիկահայ ականաւոր գիտնական, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր, մասնիկային կենսաբան եւ ջղաբան, փրոֆեսէօր Արտեմ Փաթափութեան Հայաստանի մէջ իր տուած այցելութիւններուն եւ մասնակցած ժողովներուն ընթացքին յայտարարեց, որ գիտութիւնը, կրթութիւնը եւ տնտեսութիւնը փոխկապակցուած են` երաշխաւորելու Հայաստանի աւելի պայծառ ապագան:
Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ գիտութեան զարգացման հեռանկարներուն` Փաթափութեան անդրադարձաւ «Սինոփսիս» տուած այցելութեան՝ շեշտելով, որ կան բարձր արհեստագիտական բազմաթիւ ընկերութիւններ, եւ անոնք յոյս կը ներշնչեն։ Ան վստահ է, որ այնքան ատեն որ այդ արդիւնաւէտ խելացի ռազմավարութիւնը շարունակուի, ապագան շատ պայծառ պիտի ըլլայ:
Խօսելով իր ընտանիքին մասին` Փաթափութեան ընդգծեց, որ զինք իր ընտանիքը դաստիարակած է իբրեւ հայ: «Իմ մեծ մայրերս ու հայրերս պահպանած են իրենց հայկական ինքնութիւնը: Երբ մենք Լիբանանէն ներգաղթեցինք Միացեալ Նահանգներ, ծնողներս որոշեցին, որ ես պէտք է բժշկական համալսարան մտնեմ: Ծնողներս շատ կարեւոր դեր խաղացած են կեանքիս մէջ. անոնք կ՛ուզէին լաւ կրթութիւն տալ ինծի», յայտնեց Փաթափութեան:
15 Յունիսին, Երեւանի պետական համալսարանի գիտական աստիճան ստացան խումբ մը շրջանաւարտներ՝ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ։ Հանդիսութեան պատուաւոր հիւրն էր Փաթափութեան, որուն, ԵՊՀի Գիտական խորհուրդին որոշումով, տրուեցաւ ԵՊՀ պատուաւոր փրոֆեսէօրի կոչում:
Փաթափութեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ յաջողութեան հասնելու կարեւոր գրաւականներէն են կրթութիւնը, քրտնաջան աշխատանքը, նուիրուած ուսուցիչներն ու դասախօսները: Ան շեշտեց, որ պէտք է հաւատալ ուժերուն, զբաղիլ սիրած աշխատանքով ու նուիրուիլ անոր։

Փաթափութեան Հայաստան գտնուած շամանակաշրջանին նաեւ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի վարչապետին կողմէ։ Հանդիպումին Փաթափութեան նշեց, որ պատրաստ է իր գիտելիքներով, փորձառութեամբ եւ ներուժով նպաստել Հայաստանի մէջ գիտութեան եւ կրթութեան զարգացման:
Կենսաբանութեան բնագաւառին մէջ ձեռք բերած ակնառու նուաճումներուն եւ բժշկագիտութեան զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար Փաշինեան գիտնականը պարգեւատրեց Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով:
16 Յունիսին, Փաթափութեան այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին։
Արտեմ Փաթափութեան հանդիպեցաւ նաեւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարին հետ։ Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու Առողջապահութեան նախարարութեան՝ քաղցկեղի դէմ պայքարի ծրագիրներուն։