ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեան Ռուսիոյ մէջ հայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, թէ ռուսական կողմը ընդունեց, որ թերացած է իր խաղաղապահ առաքելութիւնը իրականացնելուն մէջ` պատճառ դառնալով Փառուխի միջադէպին:
«Քանի որ լարուած օրերին ես էլ եմ մասնակից եղել այդ քննարկումներում, մենք շատ կոշտ դիրքորոշում ենք ցուցաբերել, եւ այդ դիրքորոշման արդիւնքում ի վերջոյ ռուսական կողմն ընդունեց, որ այդտեղ բացթողում կայ, եւ հիմա իրենք ներքին քննութիւն են անցկացնում` հասկանան` պատճառն ինչ է, բայց իրենք ընդունեցին, որ իրականում իրենց պարտաւորութիւնը չեն կատարել: Դա հրապարակաւ պէտք էլ չէր ասել, մենք դրա կարիքը չունենք, որովհետեւ մենք ուղղակի ներքին զուտ պայմանաւորուածութիւնների շրջանում է այդ քննարկումը եղել, իրենք ընդունել են, որ իսկապէս ինչը, որ խաղաղապահները պիտի անէին, չեն արել», յայտնեց ան։
Խաչատրեան նշեց, որ այնքան լարուած է իրավիճակը, որ նոյնիսկ Արցախի ժողովուրդին կողմէ հարց դրուած է, որ եթէ խաղաղապահները չեն կրնար մեր ապահովութիւնը երաշխաւորել, մենք վերադառնանք Հայաստան: «Պատասխանը հակառակն է եղել ռուսական կողմից, որ ոչ, մենք պարտաւոր ենք ապահովել ձեր անվտանգութիւնը, դուք պէտք է մեր պայմանաւորուածութիւնների շրջանում ապրէք այդտեղ: Սա իրենց վերջին խօսքն է եղել, ու դրանից յետոյ մենք տարածքային կոնֆլիկտներ (ընդհարումներ), արհեստական ինչ-որ իրավիճակներ չենք ունեցել», աւելցուց Խաչատրեան:
Ան պնդեց, որ նոր իրողութիւններէն մեկնելով՝ Երեւան նախ պէտք է արցախահայերուն իրաւունքները բարձրացնէ, անկէ ետք միայն՝ Արցախի վերջնական կարգավիճակը: Ընդ որում, նախագահը շեշտեց, թէ այս դիրքորոշման համաձայն է նաեւ Արցախի ղեկավարութիւնը:
Պաշտօնական Ստեփանակերտը, սակայն, հրապարակաւ միայն կ՛ըսէ, որ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի առաջին հերթին ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքով` բացառելով Արցախի Ատրպէյճանի կազմին մէջ:
«Երբ որ մենք Լաւրովի հետ ամսի 9ին հանդիպում էինք, ես յիշում եմ, որ ինքը շատ առանձնայատուկ դրա մասին խօսեց, որ մենք էլ ենք կիսում ձեր դիրքորոշումը, շնորհակալութիւն, որ դուք էլ էք դրան յանգել: Ի միջի այլոց, այդ տեսակէտին համաձայն է եղել Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը: Ես կարող եմ իրենց փոխարէն ասել, երբ որ դուք առիթ ունենաք, կը հանդիպէք, մենք իրենց հետ քննարկել ենք, որ մենք գնում ենք այս ճանապարհով», ըսաւ Խաչատրեան։
0618Nakhakah
«Գիտութիւնը, Կրթութիւնը Եւ Տնտեսութիւնը Փոխկապակցուած Են». Փաթափութեան
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան գտնուող ամերիկահայ ականաւոր գիտնական, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր, մասնիկային կենսաբան եւ ջղաբան, փրոֆեսէօր Արտեմ Փաթափութեան Հայաստանի մէջ իր տուած այցելութիւններուն եւ մասնակցած ժողովներուն ընթացքին յայտարարեց, որ գիտութիւնը, կրթութիւնը եւ տնտեսութիւնը փոխկապակցուած են` երաշխաւորելու Հայաստանի աւելի պայծառ ապագան:
Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ գիտութեան զարգացման հեռանկարներուն` Փաթափութեան անդրադարձաւ «Սինոփսիս» տուած այցելութեան՝ շեշտելով, որ կան բարձր արհեստագիտական բազմաթիւ ընկերութիւններ, եւ անոնք յոյս կը ներշնչեն։ Ան վստահ է, որ այնքան ատեն որ այդ արդիւնաւէտ խելացի ռազմավարութիւնը շարունակուի, ապագան շատ պայծառ պիտի ըլլայ:
Խօսելով իր ընտանիքին մասին` Փաթափութեան ընդգծեց, որ զինք իր ընտանիքը դաստիարակած է իբրեւ հայ: «Իմ մեծ մայրերս ու հայրերս պահպանած են իրենց հայկական ինքնութիւնը: Երբ մենք Լիբանանէն ներգաղթեցինք Միացեալ Նահանգներ, ծնողներս որոշեցին, որ ես պէտք է բժշկական համալսարան մտնեմ: Ծնողներս շատ կարեւոր դեր խաղացած են կեանքիս մէջ. անոնք կ՛ուզէին լաւ կրթութիւն տալ ինծի», յայտնեց Փաթափութեան:
15 Յունիսին, Երեւանի պետական համալսարանի գիտական աստիճան ստացան խումբ մը շրջանաւարտներ՝ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ։ Հանդիսութեան պատուաւոր հիւրն էր Փաթափութեան, որուն, ԵՊՀի Գիտական խորհուրդին որոշումով, տրուեցաւ ԵՊՀ պատուաւոր փրոֆեսէօրի կոչում:
Փաթափութեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ յաջողութեան հասնելու կարեւոր գրաւականներէն են կրթութիւնը, քրտնաջան աշխատանքը, նուիրուած ուսուցիչներն ու դասախօսները: Ան շեշտեց, որ պէտք է հաւատալ ուժերուն, զբաղիլ սիրած աշխատանքով ու նուիրուիլ անոր։
Փաթափութեան Հայաստան գտնուած շամանակաշրջանին նաեւ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի վարչապետին կողմէ։ Հանդիպումին Փաթափութեան նշեց, որ պատրաստ է իր գիտելիքներով, փորձառութեամբ եւ ներուժով նպաստել Հայաստանի մէջ գիտութեան եւ կրթութեան զարգացման:
Կենսաբանութեան բնագաւառին մէջ ձեռք բերած ակնառու նուաճումներուն եւ բժշկագիտութեան զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար Փաշինեան գիտնականը պարգեւատրեց Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով:
16 Յունիսին, Փաթափութեան այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին։
Արտեմ Փաթափութեան հանդիպեցաւ նաեւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարին հետ։ Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու Առողջապահութեան նախարարութեան՝ քաղցկեղի դէմ պայքարի ծրագիրներուն։
0618Ardem
0618Ardem1
0618Ardem2