Երկու փորձառական խորհրդաժողովներէ ետք, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը սքանչելի գաղափարը ունեցած էր կազմակերպելու երրորդը: Այս անգամ սակայն չկային առաջին երկուքի՝ »ծանօթացման, զիրար հասկնալու« լոզունգները… եւ լաւ որ չկային: Նախարարութիւնը եկած էր յստակ ելակէտով՝ կեդրոնանալ Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու բարեկարգման եւ բարելաւման ծրագիրներ մշակելու վրայ, ակնկալելով, որ արտահայաստանի հայութիւնը իր մասնակցութիւնը եւ ներդրումը պիտի բերէ այս խիստ կարեւոր եւ կենսական աշխատանքին:
Թէեւ երրորդ խորհրդաժողովը անկիւնադարձ մը ըլլալու բոլոր հաւանակութիւնները ունէր, որովհետեւ հիմնուած էր շինիչ ծրագրի մը վրայ եւ ամբողջական հայկական բնոյթ կը կրէր, սակայն անոր արդիւնաբերութիւնը եւ յաջողութիւնը կախեալ է թէ՛ Հայաստանի գործելակերպէն եւ թէ՛ արտահայաստանի բարդ հոգեբանական ազդակներէն:
Այս գործընթացին կողմերն են Հայաստանը, որ պետութիւն է, եւ արտահայաստանը, որ բաղադրութիւն մըն է:
Հայաստանը որպէս պետութիւն միատարր է: Արտահայաստանը, կամ հայկական Սփիւռքը, ներկայի իր կազմուածքով՝ բազմերես, բազմակողմանի, բազմաուղղութիւններու, բազմալեզու, բազմահոգեվիճակներու, տարբեր երկիրներու ենթարկուածութիւններու, յարանուանութիւններու, երկթեմական բաղադրութիւն մըն է: Այլ խօսքով, միակառոյց հաւաքականութիւն մը չէ, որուն հետ կարելի ըլլայ մէկով-մէկ գործել:
Այս իրավիճակը փոխյարաբերութեան տեսանկիւնէն նպաստաւոր է Հայաստանին: Որովհետեւ Հայաստան կարելիութիւնը պիտի ունենայ բազմաթիւ փոքր գործընկերներու հետ գործակցելու: Եւ եթէ մէկ գործընկերին հետ չյաջողի, ուրիշ մը կրնայ ընտրել:
ԾՐԱԳՐԻՆ ԵՆԹԱՀՈՂԸ
Որեւէ երկրի համար, բնական է, որ երկրին կառուցումը, զօրացումը, բարգաւաճումը, պահպանումը նոյն այդ երկրին պետութեա՛ն պարտաւորութիւնն է: Մեր պարագային սակայն, Հայաստան, որպէս պետութիւն, այդ »բնական« սահմաններէն դուրս կ’իյնայ: Մեր պահանջները բազմատեսակ եւ բազմաթիւ են, իսկ միջոցները սահմանափակ: Ցաւ ի սիրտ, Հայաստանի պետական տնտեսական ուժը բաւարար չէ Հայաստանի բոլոր կարիքները լուծելու համար: Երանի գար այն օրը, երբ Հայաստան այնքան մը զօրանար տնտեսականօրէն, որ ՈԵՒԷ մէկուն ձեռք երկարելու չպարտադրուէր:
Հայաստանի պետութեան պարտաւորութեան մասին խօսած ատեն չենք կրնար անտեսել Հայաստանի մեծահարուստներուն պարտաւորութիւնները: Անոնք եւս իրենց բաժինը պէտք է բերեն այս կառուցողական աշխատանքին: Պարզ է, անոնցմէ ոմանք տարբեր մարզերու մէջ ներդրումներ ունին, սակայն խորհրդապաշտօրէն անոնց նիւթական ներդրումը խիստ անհրաժեշտ է՝ գործին համահայկական բնոյթը հաստատելու համար: Այսօր, երբ զիրար հրմշտկող Երեւանի »երկնաքերեր«ու մրցանքը կը դիտենք, երբ կը նայինք մեծահարուստներու կառուցած շքեղ պալատներուն եւ հիւրանոցներուն, երբ կ’այցելենք հսկայական ռեստորանները, օփերան շրջափակող քաֆէները, ամերիկեան եւ եւրոպական արդիական խանութները, օդանաւակայանի ճանապարհին երկու կողմերը »զարդարող« լաս վեկասեան արիւն ծծող խաղատուները, միամիտ հարցումներու շարան մը կը ծագի մեր մտքին մէջ, արդեօք այս պիզնըսմէնները չե՞ն կրնար հաւաքաբար քանի մը գիւղ վերակառուցել (թէեւ անոնցմէ ոեւէ մէկը առանձինն կրնայ քանի մը գիւղ բարեկարգել): Չե՞ն կրնար իրենք նախաձեռնել առնուազն գիւղերու կէսին բարեկարգումը: Հայաստանի պետութիւնը անհատ մեծահարուստներու միջոցաւ արդեօք ծրագիր մը ունի՞ գիւղերու նկատմամբ: Պետութիւնը մօտեցա՞ծ է մեծահարուստներուն՝ անոնց ալ մասնակցութիւնը ապահովելու համար:
Այս հոյակապ ծրագրին յաջողութեան երկրորդ պարտաւորութիւնը արտահայաստանինն է:
Ներկայ կացութեան մէջ, աշխարհով մէկ ցրուած անհատ հայը, որ կը դաւանի պատմութեան մը, մշակոյթի մը եւ աւանդութիւններու ջահակիրը ըլլալու, պարզ է, գիտակցութիւնը ունենալու է՝ նոյն այդ պատմութեան հիմքը հանդիսացող Հայաստան երկրին զօրացման իր ալ մասնակցութիւնը բերելու:
Ըսինք, որ Սփիւռքը բաղադրութիւն մըն է:
Այսօր Հայաստանին օժանդակելու աշխատանքին մէջ, արտահայաստանը երկու ձեւով կը գործէ: Կան անհատներ, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով (յատկապէս չհաւատալով կազմակերպութիւններու տարած աշխատանքին կամ վերջիններուն բաղդատաբար դանդաղ աշխատելակերպին համար) անձնական նախաձեռնութիւններով կը մասնակցին հայաստանաշինութեան աշխատանքին՝ դպրոցներուն նպաստելով, շրջաններ վերանորոգելով եւայլն:
Օժանդակութեան երկրորդ ձեւը համայնքային աշխատանքն է: Դժբախտաբար այստեղ երեւոյթներ կը դրսեւորուին, որոնք անյարիր են դրուած հարցի կարեւորութեան համար: Խնդիրը կը վերաբերի նոյնինքն արտահայաստանի ազգային, ընկերային եւ մշակութային կազմակերպութիւններու գործընթացին:
Եթէ Սփիւռքի ներքին համայնքային միատարր չըլլալը մրցակցութեան ճանապարհով նպաստած է սփիւռքի գոյատեւման, (երկու դպրոց, երկու եկեղեցի, քանի մը մշակութային եւ հասարակական միութիւններ, եւայլն) ապա այդ նոյն երկուութեան, ինքնակեդրոնացման, ինքնագովասանքի հոգեբանութիւնը, ցաւ ի սիրտ, կը դրսեւորուի այսօր՝ Հայաստանի զօրակցութեան այս գործընթացին մէջ: Եսերու ցուցադրութիւն մը կայ: Պերճախօսութեան մրցոյթ մը կը տիրէ: Մէկը միւսին գերադասելու ոգի մը: Մէկը միւսէն առաջ երթալու, ինքզինքը ցուցադրելու տենդ մը:
Պահ մը կը կարծէք, որ Սփիւռքը հոս փոխադրուած է, եւ ոմանք եկած են իրենց կազմակերպութեան համար նոր անդամներ ապահովելու: Կարծէք միութեան մը, կազմակերպութեան մը անունին յիշատակումը աւելի կարեւոր է, քան բուն օժանդակութիւնը: »Մենք այսպէս ըրինք«ի տարբերակները կը սաւառնէին խորհրդաժողովին մէջ: Յարգարժան պարոն Օսկանեան, որ նստած էր սեղանին գլուխը, ամենայն քաղաքավարութեամբ, բարեացակամութեամբ մէկ ասդին մէկ անդին կը նայէր, լսելով, չվիրաւորելով այսինչ կամ այնինչ կազմակերպութիւնը եւ ՅՈՒՍԱԼՈՎ, որ…
Սփիւռքահայերս մեր տարակարծութիւնները Հայաստան պէտք չէ բերենք: Տեղական մեր պայքարները Հայաստանին խնայենք: Առանց այդ, արդէն վիճակը բարւոք պատկեր չի ներկայացներ:
Եկէք այս անգամ մոռնանք մեր տարակարծութիւնները եւ հայրենիքի մէջ, Հայաստանի հողին վրայ ըլլանք միայն հայ՝ առանց գոյնի ու երանգի: Կեդրոնանանք ո՛չ թէ մեզ բաժնող, այլ՝ միացնո՛ղ հարցերու վրայ:
ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ ԽՈՉԸՆԴՈՏՈՂ ՀԱՐՑԵՐԸ
Հիմա որ Խորհրդաժողովը աւարտեցաւ, պահը եկած է գործադրելու այդ թեւածող գեղեցիկ առաջարկները: Սակայն այս գործընթացին, ցաւ ի սիրտ, զգուշաւորութեան դրօշ մը կը պարզուի:
Փոխյարաբերութեան այս ծիրին մէջ, թղթախաղի օրինակով, »ձեռքը« Սփիւռքի մօտ է: Աւելի պարզ՝ դրամը Սփիւռքի մօտ է: Եւ անխոհեմ քայլ մը կրնայ նախադրուած որեւէ ծրագիր ձախողութեան մատնել:
Միւս կողմէն Հայաստան շերտաւորուած ընկերութիւն մըն է եւ այդ շերտաւորման ամէնէն հիմնական դժուարութիւնը ներքին նախատելի կաշառակերութիւնն է, որուն դէմ հայրենի պետութիւնը պէտք է գործէ: Հայաստանի պետութիւնը վստահութիւն պէտք է ներշնչէ նախապէս յուսախաբուած եւ հիասթափուած սփիւռքահայութեան, որ՝ տրուած գումարին գործածութիւնը առաւելագոյն չափով (չըսինք 100 տոկոսով, որովհետեւ այդ անկարելի է) առաջադրուած ծրագրին յատկացուի: Այս կ’ենթադրէ աշխատանքային մանրամասնութեանց բացարձակ քննութիւն, գործընթացի հսկում եւ վերահսկում: Աւելին, այդ կ’ենթադրէ նաեւ աշխատանքի մանրամասն ծրագրում, իրագործումներու ժամկէտային ճշդում, եւ ամէնէն կարեւորը՝ աշխատանքի նախապատուութեան ճշդում: Ատեն-ատեն ծրագրին իրագործման զեկուցում թերթերով եւ ծախսուած գումարի մանրամասն հաշուէտուութիւն:
Պատմութեան այս հանգրուանին, երկուստեք հսկայ կենսական պարտաւորութեան մը առջեւ կը գտնուինք:
Մեր գործելակերպին կիզակէտը Հայաստանն ու Հայութիւնն են: Մեր ամէն մէկ քայլափոխին հարցնենք, թէ՝ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՇԱՀԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ՈՒ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ մեր գործընթացէն: Եթէ դոյզն կասկած ունենանք, որ մեր կատարածը չի նպաստեր Հայաստանին եւ Հայութեան, ապա քայլ մը ետ երթանք եւ նորէ՛ն նայինք պատկերին եւ յետոյ յառաջանանք, այս անգամ այն գիտակցութեամբ, որ մեր գիւղերը մեր հայրենիքի վահաններն են եւ գիւղացին Երկրին զինուորը: Հայ գիւղացին գիտէ, որ »դուրս«ը իրեն նման ՀԱՅ մը կայ: Գիւղացին կը հաւատայ »դուրսի« հայուն ազնուութեան, անկեղծութեան եւ արեան անարատ կապին: Հայաստանցի գիւղացին ծանօթ չէ սփիւռքահայութեան տարակարծութիւններուն ու զիրար անհանդուրժող ոգիին: Եկէք զգոյշ ըլլանք, չհարուածենք վահանին, որովհետեւ անոր ետին հայ գիւղացին է:
Հայաստան-Սփիւռք երրորդ խորհրդաժողովին առթիւ, ամենաանկեղծ շնորհաւորութիւններ Հայաստանի պետութեան, որ բացառիկ ու կենսական ծրագրով մը ի յայտ եկաւ:
Ի խորոց սրտի խօսք ընդ բոլորիս՝ բարի եւ յաջողագոյն երթ Հայաստանին եւ Հայութեան:
Սեպտեմբեր 19, 2006
Երեւան