
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 20 Յունիսին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու հանդիպումը: Այս մասին քանի մը լրատուամիջոցներու յայտնեցին Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն:
Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման Հայաստանի, Ռուսիոյ ու Ատրպէյճանի փոխվարչապետերու եռակողմ աշխատանքային խումբի համանախագահներուն աշխատանքային հանդիպումը տեղի ունեցաւ փեթերսպուրկեան միջազգային տնտեսական համաժողովի ծիրին մէջ։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա անդրադարձաւ այս հանդիպումին եւ շեշտեց, որ Ռուսիա կ՛ողջունէ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերով երեք երկիրներու փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ գործող եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութեան աշխուժացումը։
«Ինչպէս գիտէք` 3 Յունիսին տեղի ունեցած էր աշխատանքային խումբի հերթական` 10րդ նիստը, որուն ընթացքին կողմերը յաջողեցան մօտեցնել դիրքորոշումները շարք մը հարցերու վերաբերեալ: Քննարկումները շարունակուեցան փեթերսպուրկեան միջազգային տնտեսական ֆորումի ծիրին մէջ: Ռուսական կողմը պիտի շարունակէ սերտօրէն աջակցութիւն ցուցաբերել նշեալ գործընթացին», հաստատեց Զախարովա: