ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ.ՉԻՖԹՃԵԱՆ

«Ձեռքէ-ոտքէ իյնալ», «անկողնոյ ծառայել», «անկարող ըլլալ», «ուրիշներու օգնութեան կարիք զգալ» եւ ամէնէն աւելի սարսափելին՝ «բուսական կեանքով ապրիլ» արտայայտութիւնները լեզուով արտասանելէ բացի, միտքէ անցընելն ալ յաճախ ահ կը պատճառէ շատերուն: Ինչո՞ւ. որովհետեւ ամէն մարդ գիտէ մարմնապէս առողջ ըլլալուն առաւելութիւնները, ապրելակերպի անկախութիւնը, ինքզինք կառավարելու երջանկութիւնը, մէկ խօսքով՝ սեփական կեանքի ազատութիւնը:
Մարդիկ որքան ալ նկարագիրով քաջ եւ կամքի տէր ըլլան, հազիւ մարմնապէս տկար զգան, մտավախութիւն մը բոյն կը դնէ իրենց միտքին մէջ, որովհետեւ իրենց համար ամէնէն թանկագինը՝ իրենց կեանքը, վտանգի դիմաց կը գտնեն: Բժիշկներէ առաջ հարազատներ, բարեկամներ, ընկերներ անձնական փորձառութեան վրայ հիմնուած իրենց խորհուրդները կու տան վատառողջին, քաջալերելու համար իրենց հարազատը, բարեկամը կամ ընկերը՝ յաղթահարելու դժուարութեան փորձիչ պահը:
Կացութեան բարդացման հետ հիւանդը ստիպողաբար բժշկական խորհուրդի կը դիմէ, սակայն իր միտքին մէջ ընդհանրապէս ունենալով աւելի վատ իրավիճակ դիմագրաւելու մտահոգութիւնը: Յոռետես մօտեցում չէ՛ այս, այլ իրատես, որովհետեւ հիւանդութիւնները յանկարծ կրնան յայտնուիլ, միաժամանակ շփոթի եւ յուսահատութեան մատնելով ամէնէն քաջ մարդն իսկ:
Այստեղ աւելորդ է անդրադառնալ այն բազմաբնոյթ եւ տարատեսակ դէպքերու, որոնք կը պատահին հիւանդ-բժիշկ փոխյարաբերութեան եւ հիւանդութիւն-դարմանում գործընթացի ճամբուն վրայ: Ոմանք իրենց առողջութիւնը վերագտնելով՝ կ՛օրհնեն զիրենք դարմանող բժիշկը, ուրիշներ, ստիպողաբար, աւելի մասնագէտին կը դիմեն, երբ արդէն ուշ է, եւ այլն: Սակայն, «ձեռքէ-ոտքէ իյնալ»ու մտահոգութեան հողմապտոյտին մէջ բռնուած մարդը կը սկսի «կէս մարդ» դառնալ ո՛չ միայն մարմնապէս, այլեւ մտապէս եւ մանաւանդ հոգեպէս: Աւելի պարզ բացատրութեամբ՝ բան մը փուլ կու գայ իր հոգիին մէջ եւ կեանքին նայող իր աչքերը կը տկարանան:
Բազմանդամ եւ բազմազաւակ ընտանիքներ սկզբունքով երջանիկ պէտք է զգան, որովհետեւ եթէ նման կացութիւններու մէջ գտնուին, իրենց շուրջը պիտի ունենան միշտ մարդիկ, որոնք իրենցմով հետաքրքրուին: Բացարձակ հաստատում մը չէ՛ վերոյիշեալ խօսքը, այլ սպասուած վերաբերում մը: Տեսնուած է, որ մէկ տասնեակ զաւակներ ունեցող անձը մինակ մնացած է իր հիւանդութեան ամէնէն դժուար օրերուն, հիւանդանոցներու մէջ բոլորովին օտարներու խնամքին յանձնուելով…։
Անուրանալի է այն իրողութիւնը, որ տկարութեան պահերը փորձութեան պահեր են: Իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին հաւատքով ապրած եւ աստուածավախութեան օրինակ հանդիսացած մարդիկ յանկարծ մեծ հիասթափութիւն կ՛ապրին, երբ մարմնապէս կը տկարանան կամ ամբուժելի հիւանդութեամբ իրենց մահուան մահիճին մէջ կը տուայտին: Փորձիչը միայն Փորձութեան լերան վրայ չի գտնուիր, այլ ամէն տեղ է, նոյնիսկ իւրաքանչիւրիս գրպանին մէջ կրնայ պահուըտիլ եւ յարմարագոյն պահուն դուրս ցցել իր տխեղծ գլուխը:
Փորձիչը մարդուն կրնայ մօտենալ ո՛չ թէ միայն պոչաւոր ու կոտոշաւոր, կամ փշոտ մարմինին զազրելի տեսքով, այլեւ մարդո՛ւ շրջազգեստով: Անոր տարբեր կերպարանքները բացայայտ կ՛երեւին բոլորիս շրջապատին մէջ: Չարամիտ եւ նենգ մարդոց կերպարը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Փորձիչին մէկ այլ կերպարանքը: Յատկապէս վիրաւոր հոգիները, կամ ընկերային կեանքի մէջ ուրիշներէ վնասուած, նիւթապէս մեծ կորուստներ կրած եւ տուժած անձերը լաւագոյն թիրախներն են ասոնց: Յարգանքը, մեծարանքը, ճաշի հրաւէրները անոնց համար կազմակերպուած ընկերային ձեռնարկները, ու այլ՝ ժամանցի եւ ուրախութեան յայտագիրները մեծապէս կ՛ոգեւորեն ընկճուած մարդիկը, գէթ պահուան մը համար դուրս բերելով զանոնք, իրենց տխուր իրավիճակէն: Օգնողի դերին մէջ ասոնց մօտեցած անձերը, վիրաւոր հոգիներուն աչքին կ՛երեւին իբրեւ մէկական փրկիչներ՝ հարազատներ, եղբայրներ եւ քոյրեր, որոնք իրենց նեղ ժամանակին օգնութեան կը հասնին, փոփոխութիւն բերելով իրենց տխրամած կեանքին:
Սգաւորներուն առ ի մխիթարութիւն մօտեցողներէն եւս պէտք է զգուշանալ եւ զննողի աչքով նայիլ անոնց շարժումներուն…։ Մարդկային եւ յատկապէս քրիստոնէական այս մօտեցման՝ սգաւորին կողքին ըլլալու գովելի արարքին շահագործումը, երբեմն բացայայտ կ՛երեւի ոմանց պարագային: Շատեր սուգդ կը բաժնեն՝ ամոքելով վիշտդ, ուրիշներ քու կրած սուգը թաքնապէս ներքին ուրախութեան կը վերածեն, իսկ երրորդ խումբի մարդիկ՝ իսկապէս նենգամիտներ, իբրեւ թէ վիշտդ փարատելու տենդագին աշխատանքի լծուելով՝ քեզ իրենց կ՛ենթարկեն եւ կը շահագործեն: Երկա՜ր ժամանակ հարկաւոր է, նախ բացայայտելու նման մարդոց հեռակայ նպատակը, եւ երկրորդ՝ պայքարելու անոնց կատարածին դէմ: Ժամանակները անցած պիտի ըլլան, նոր դէպքեր եւ դէմքեր աւելցած պիտի ըլլան, դժուարացնելով գործին հետապնդումը: Անոնք շա՜տ ուշ կ՛իմանան, թէ այդ յարգանքն ու պատիւը կեղծ էր եւ միայն շահադիտական:
«Ձեռքէ-ոտքէ մի՛ իյնար» մաղթանքը ամէնէն գեղեցիկ բարեմաղթութիւններէն մէկն է, որ մէկը կրնայ ըսել ուրիշին: Ձեռքէ-ոտքէ իյնալ, կը նշանակէ «պատիւէդ» իյնալ, ուրիշներուն կարօտ ըլլալ: Փողոցին ծայրամասը կամ մայթին վրայ նստած անդամալոյծ մուրացիկէն շատ տարբերութիւն չունենար այն մարդը, որ ձեռքէ-ոտքէ կ՛իյնայ: Սակայն երբ իր շուրջ ունենայ մարդիկ, որոնք հոգատարութիւն ցուցաբերեն իր նկատմամբ, նոյնիսկ մահէն ետք ամէն մարդ երանի՜ կու տայ անոր:
Մարմնապէս ձեռքէ-ոտքէ իյնալէն աւելի ծանր իրավիճակ է մտապէս ու հոգեպէս ձեռքէ-ոտքէ իյնալը, երբ ձեռքդ ու ոտքդ կը գործեն, ճիշդ է, սակայն մարմինիդ ղեկավար միտքդ ու սրտիդ առաջնորդ հոգիդ ուրիշներու տուած ուղղութեամբ կը շարժին, ու կը կառավարեն քեզ: Նման անձերու հանդիպելով, ոմանք զարմացած մնալով անոնց վարքին եւ երբեմն տուած անհիմն պատասխաններուն, ապշահար կը գոչեն. «Այս մարդուն ուղեղին մէջ յա՞րդ լեցուցեր են. ուրիշնե՞րը պիտի ըսեն թէ ի՛նչ պիտի ընէ»:
«Ձեռքէ-ոտքէ իյնալ»ուն դժբախտութիւնները մէկ կամ երկու տեսակ չեն, բազմատեսակ այս ողբերգութեան բազմաբնոյթ երեսները այնքան շատ են, որ ամփոփել կարելի չէ սոյն գրութեան նեղ պարունակին մէջ: Սակայն այստեղ ներկայացուելիք վերջին տեսակը պիտի ըլլայ տգիտութիւնը, որ մեծամիտ մարդոց նկարագիրին միանալով, աներեւակայելի ողբերգութեան հիմը կը դնէ նման անձերու կեանքին մէջ:
Տգէտ մարդը չի՛ գիտեր, որ ինք «ձեռքէ-ոտքէ ինկած» մըն է: Աւելին, եթէ տգէտը մեծամիտ մըն է, բնաւ չի՛ կրնար երեւակայել, որ ինք ուրիշներու օժանդակութեան կարիք ունի, կամ գէթ պէտք է գիտութեամբ լուսաւորէ իր խաւար միտքը: Դրամատէր մարդոց եւս կ՛այցելէ այս փորձութիւնը, երբ իրենց նիւթական հարստութեան ապաւինած մարդիկ միշտ պատրաստ կ՛ըլլան տեսակէտ յայտնել որեւէ հարցի գծով, անկախ անկէ, որ այդ հարցէն գաղափար ունին կամ ոչ:
Բարեմաղթութիւններուն ամէնէն կարեւորը համարուած է առողջութեան համար եղած մաղթանքը: Եկէք անոր ծիրը ընդարձակենք եւ «ձեռքէ-ոտքէ մի՛ իյնար»ի բարեմաղթութիւնը նաեւ վերոյիշեալ իմաստներով ալ ընկալենք: