ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ՝ Մինսքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազներ` Արթուր Դաւթեանի, Քեամրան Ալիեւի եւ Իկոր Քրասնովի եռակողմ հանդիպումը:
Քննարկուեցան երեք երկիրներու դատախազութիւններու իրաւասութիւններու ծիրին մէջ 44օրեայ պատերազմին իբրեւ արդիւնք յառաջացած եւ տակաւին գոյութիւն ունեցող մարդասիրական-իրաւական հիմնահարցերու լուծման նոր կարելիութիւններ գտնելու, 2021ին նոյն ձեւաչափով տեղի ունեցած երկու նախորդ հանդիպումներուն օրակարգային առանձին հարցերուն շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման վերաբերող հարցեր։ Այս մասին կը հաղորդէ հայկական կողմը:
Ատրպէյճանական կողմը կ՛աւելցնէ, որ դատախազները քննարկեցին երեք երկիրներու ղեկավարներու ստորագրած յայտարարութիւններու կատարման ընթացքը:
Հայաստանի գլխաւոր դատախազը նշեց, որ, հակառակ նախորդ եռակողմ հանդիպումներուն հայ-ատրպէյճանական զինուած ուժերու շփման գօտիին մէջ միջադէպերու, անոնց առթիւ կատարուող քննութիւններու վերաբերեալ կողմերուն միջեւ գետնի վրայ տեղեկատուութեան միջնորդաւորուած փոխանակման շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան` զինադադարի յանցաւոր խախտումները կը շարունակուին, անոնք կը պատճառեն մարդկային կորուստներ, խաղաղ բնակչութեան համար կը ստեղծեն կենսական իրաւունքներու եւ ապահովական նոր սպառնալիքներ:
Ըստ Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան` Քեամրան Ալիեւ անդրադարձաւ «ղարաբաղեան պատերազմներէն ետք անյայտ կորսուածներու որոնման միացեալ ջանքերու կարեւորութեան, ընդգծուեցաւ ականապատ դաշտերու քարտէսներու տրամադրման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղ անօրինական ուղեւորութիւններու անթոյլատրելիութիւնը»:
Նշենք, որ դատախազ Արթուր Դաւթեան 8 Յունիսին այցելած էր Արցախ, ինչ որ յարուցած էր Պաքուի դժգոհութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին Քեամրան Ալիեւ նշեց, որ Պաքու ամբողջութեամբ կը կատարէ 10 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութիւնը, սակայն Արթուր Դաւթեան լուսարձակի տակ առաւ յատկապէս այդ յայտարարութեան 8րդ կէտի անկատար մնալու հանգամանքը: Ան նշեց, որ անհիմն կերպով Ատրպէյճանի մէջ պահուող` ատրպէյճանական կողմէ հաստատուած 38 անձերու շուտափոյթ վերադարձը առանցքային նշանակութիւն ունի կողմերուն միջեւ վստահութեան վերականգնման, տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման եւ ապահովութեան երաշխիքներու ձեւաւորման համար` յատուկ կերպով ընդգծելով եռակողմ յայտարարութեան մարդկային պահանջները հայկական կողմէ ամբողջութեամբ կատարուած ըլլալու հանգամանքը:
Հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն՝ ռուսական կողմին միջնորդութեամբ շարունակել բանակցութիւնները` մարդասիրական հարցերը սեղմ ժամկէտներու ընթացքին լուծելու նպատակով։