ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը 27 Յունիսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Սուրիոյ նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեանը:
Կաթողիկոսը իր օրհնութիւնը տուաւ եւ շնորհաւորեց դեսպանը՝ նշանակման առիթով, ու մաղթեց արդիւնաւէտ առաքելութիւն՝ ի նպաստ երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան շարունակական ամրապնդման: Վեհափառը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ հայ-սուրիական պատմական կապերուն՝ ընդգծելով Սուրիոյ հայ համայնքին կարեւոր դերակատարութիւնը զանոնք զօրացնելու առումով:
Հանդիպման ընթացքին Գարեգին Բ. անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական գործողութիւններուն, իսկ Արցախի մէջ 44օրեայ պատերազմին պատճառաւ արձանագրուած ցաւալի կորուստներուն եւ արձանագրուած աւերներուն՝ վստահութիւն յայտնելով, որ երկու բարեկամ ժողովուրդները լաւատեսութեան ոգիով ու զօրեղ հաւատքով պիտի յաղթահարեն իրենց դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները:
Կաթողիկոսը նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ իշխանութիւններուն՝ հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուող հոգատար վերաբերմունքի համար:
Դեսպան Նորա Արիսեան իր հերթին կաթողիկոսին ներկայացուց Սուրիոյ մէջ հակամարտութեան պատճառով հայ համայնքին դիմաց ծառացած դժուարութիւնները՝ հաստատելով, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հայ համայնքի կացութիւնը բարելաւելու ուղղութեամբ: