ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Սուրիա պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ կը ճանչնայ Ուքրանիայէն անջատուիլ որոշած «Լուհանսքի եւ Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութիւններու անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը»։
«Այս մէկը տարբեր ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններ հաստատելու ընդհանուր կամքի եւ փափաքի մարմնացումն է, որովհետեւ Սուրիա որոշած է ճանչնալ Լուհանսքի եւ Տոնեցքի Ժողովրդական երկու հանրապետութիւններու անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը։ Նախարարութիւնը կապեր պիտի հաստատէ երկու երկիրներուն հետ՝ ամրապնդելու գործակցութիւնը եւ սահմանուած կանոններուն համապատասխան հաստատելու դիւանագիտական յարաբերութիւններ», 29 Յունիսին յայտնեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական աղբիւրը։