ԵՐԵՒԱՆ, Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան.– 27 եւ 28 Հոկտեմբերին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ժողովրդավարութեան եւ համերաշխութեան համար եւրոպական ֆորումի կազմակերպած Ռուսիա—Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն նուիրուած խորհրդաժողով։ Հիւրընկալ կուսակցութիւնն էր Ռուսիոյ ընկերվար—ժողովրդավար կուսակցութիւնը։
Խորհրդաժողովին մասնակցեցան պատգամաւորներ Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն եւ Ֆինլատայէն, եւրոերեսփոխաններ Աւստրիայէն եւ Հոլանտայէն, ընկերվարական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ Ռուսիայէն, Հայաստանէն, Ատրպէյճանէն, Հոլանտայէն, Անգլիայէն, Յունաստանէն, ընկերվար—ժողովրդավարական հիմնադրամներու ներկայացուցիչներ Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն եւ Աւստրիայէն, ինչպէս նաեւ վերլուծաբաններ Ռուսիայէն։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէին Հ.Յ.Դ. Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Եուրի Նաւոյեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան։
Երկու օրերու ընթացքին խորհրդաժողովը քննեց Ռուսիոյ մէջ ընկերվար—ժողովրդավարութեան հոլովոյթը եւ այդ գաղափարախօսութիւնը կրող կուսակցութիւններու դերակատարութիւնը, Ռուսիա-Եւրոմիութիւն եւ Ռուսիա—հարեւաններ յարաբերութիւնները։
Պէտք է արձանագրել, որ խորհրդաժողովի օրերուն, 28 Հոկտեմբերին, Մոսկուայի մէջ կազմուեցաւ ընկերվարական ուղղուածութեամբ նոր կուսակցութիւն՝ «Արդար Ռուսիա», Թոշակառուներու, Կեանքի եւ «Ռոտինա» («Հայրենիք») կուսակցութիւններու միացումով։