
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Վանաձորի նախկին քաղաքապետը եւ անոր եղբայրը 50 հազար դրամի վաճառած են Մարց գետին վրայ գործող ջրելեկտրակայանը, որուն տնօրէնը դարձաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եղբայրը:
Կասկածայարոյց գործարքը կնքուած է Դարբինեան եղբայրներուն եւ «Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցութեան նախագահ Խաչատուր Քոքոբելեանի 20ամեայ եղբօրորդիին՝ Եուրի Քոքոբելեանի միջեւ, նախորդ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններէն երկու ամիս առաջ: Ըստ պետական արձանագրութեան տուեալներուն՝ վաճառքի օրը, ընկերութեան տնօրէնը դարձաւ վարչապետի եղբայրը՝ Արմէն Փաշինեան, որ կը բնակէր Ռուսիա եւ Հայաստան վերադարձած է 2018ի յեղափոխութենէն ետք:
«Ազատութեան» գրաւոր հարցումէն ետք, պետական արձանագրութենէն տրամադրած են մէկուկէս էջնոց առուծախի պայմանագիրը, որուն մէջ կը նշուի հետեւեալը. «Վաճառողներն իրենց պատկանող 100 տոկոս բաժնեմասերը վաճառում են գնորդին սեփականութեան իրաւունքով: Բաժնեմասերի վաճառքի գինը կողմերի համաձայնութեամբ սահմանւում է 50 հազար դրամ»:
Ընդ որում՝ նոյն արձանագրութեան մէջ նշուած կանոնադրութեան համաձայն, ջրելեկտրակայանին տնօրինող «Արգիշտի-2» ընկերութեան 50 հազար դրամի վաճառուած բաժնեմասին գինը շուրջ 250 միլիոն դրամ է: Ըստ Հայաստանի Էլեկտրական ցանցեր ընկերութեան փոխանցած տեղեկատուութիւններուն, այս ջրելեկտրակայանը միայն 2019-20 թուականներուն շուրջ կէս միլիոն տոլարի արտադրութիւն ունեցած է: Ինչո՞ւ Դարբինեանները այս եկամտաբեր ջրելեկտրակայանը վաճառեցին, եւ շուրջ հարիւր տոլարի: Արդեօք վաճառքի պահուն, ընկերութիւնը վարկեր կամ պարտքեր ունեցա՞ծ է. նախկին քաղաքապետը եւ անոր եղբայրը մերժած են մեկնաբանել:
Ըստ պետական արձանագրութեան՝ նոր սեփականատէրը՝ երիտասարդ Եուրի Քոքոբելեան, տարբեր գործարարութիւններու մէջ կա՛մ սեփականատէր է, կա՛մ տնօրէն: Զայն կարելի չեղաւ գտնել Երեւանի իր հասցէով: Իր գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ, նոյնպէս, որեւէ տեղ չկան:
Աւելի յայտնի է անոր հօրեղբայրը՝ «Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցութեան նախագահ Խաչատուր Քոքոբելեան, որ «Ազատութեան» հեռաձայններուն ընդհանրապէս չէ պատասխանած, ուստի կարելի չեղաւ յստակացնել, թէ ինչպէ՛ս կրցած են համոզել Դարբինեան եղբայրները՝ 100 տոլարով վաճառելու ընկերութիւնը, որ իրենց տասը տարի եկամուտ ապահոված է:


Ջրելեկտրակայանի ներկայացուցիչը «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իր գործունէութեան 10 տարիներուն կայանը երբեք երկարատեւ կանգ չէ առած։ «Եթէ ջուրը շատ պակաս ա լինում, էդ ժամանակ ենք անջատում, կարող ա մի օր լինի, կարող ա 5 ժամ լինի», ըսաւ ան:
Խուսափելով վաճառքի մանրամասնութիւններուն մասին խօսելէ՝ Դարբինեանները նոյն ժամանակ կը հերքեն, թէ եկամտաբեր գործարարութենէն հրաժարած են իրենց նկատմամբ քրէական գործերը վերացնելու դիմաց:
Յստակ է, որ այս գործարքէն ընդամէնը քանի մը ամիս ետք, դատարանը ապացուցուած նկատած էր նախկին համայնքապետ Սամուէլ Դարբինեանի մեղքը՝ Վանաձորի ենթակայութեան տարածքները ապօրինի կերպով օտարելու եւ համայնքին 60 միլիոն դրամի վնաս հասցնելու մէջ, նոյն ժամանակ որոշած էր դադրեցնել գործը՝ յանցագործութեան վաղեմութեան ժամկէտը լրանալու հիմքով: «Նման բաներ չկան, սաղ անլուրջ խօսակցութիւններ են», ընդգծեց Դարբինեան:
Ընդ որում՝ Դարբինեաններուն պատկանող այս ջրելեկտրակայանը տակաւին 2019էն ներգրաւուած էր աղմկայարոյց քրէական գործի մը մէջ: Դատախազութիւնը փաստեր բերած է այն մասին, որ նոյն՝ Սամուէլ Դարբինեանի պաշտօնավարման տարիներուն՝ 2010ին, Վանաձորի կեղտաջուրերու մաքրութեան կայանը ապօրինաբար ծախած է. Դարբինեան կեղծ աճուրդ կազմակերպած է եւ 240 միլիոն դրամ արժող կայանը իր արժէքէն 4 անգամ աժան՝ 60 միլիոն դրամի վաճառած է իր մտերիմին: Իրաւապահները կասկածներ ունին, թէ աժան գինով ձեռք բերուած կայանի խողովակները եւ թանկարժէք սարքերը օգտագործուած են Դարբինեաններու ջրելեկտրակայանը կառուցելու ընթացքին:
Կակաւին անցեալ տարի, Լոռիի մարզի դատախազ Կարէն Գաբրիէլեան մէկ շաբաթ տուած էր ենթականերուն՝ այս գործին մասին իրեն զեկուցելու համար։ «Մենք նշանակել ենք ապրանքագիտական եւ շինարարատեխնիկական համալիր փորձաքննութիւն: Փաստուել է, որ մօտ ապագայում կը ստանանք, եւ ստանալու արդիւնքում կը քննարկենք անձին մեղադրանք առաջադրելու հարցը: Այս քրէական գործի նիւթերը իմ մօտ խնդիր է դրուել զեկուցման, այս շաբաթ կը զեկուցուի, եւ մենք կը ստանանք նաեւ փորձաքննութեան եզրակացութիւնը», յայտնեց Գաբրիէլեան:
Մինչեւ օրս, սակայն, փորձաքննութեան եզրակացութիւնը չկայ: «Ազատութեան» գրաւոր հարցումին իբրեւ պատասխան՝ դատախազութենէն յայտնեցին. «Նախաքննութեան ընթացքում մի շարք հանգամանքներ, այդ թւում՝ կեղտաջրերի մաքրման խողովակաշարը «Մարցիգետ-2» փոքր հիդրոկայանի կառուցման համար օգտագործուելու հանգամանքը պարզելու նպատակով նշանակուել են համալիր փորձաքննութիւններ: Դրանց եզրակացութիւնը դեռեւս չի ստացուել»:
Փաստօրէն, արդէն երեք տարի է շարունակուող նախաքննութեան ընթացքին իրաւապահները տակաւին չեն պարզած՝ ինչպէ՞ս նախկին քաղաքապետ Սամուէլ Դարբինեան ծախեց դեռ խորհրդային տարիներուն կառուցուած ու այդպէս ալ շահագործման չյանձնուած կեղտաջուրերու մաքրութեան կայանը, ինչպէ՞ս թալանուած է համայնքի ղեկավարին պատասխանատուութեան տակ եղած այդ կառոյցը: Ո՞ւր տարուած են սարքերը եւ խողովակները: Արդեօք անոնք իսկապէս օգտագործուա՞ծ են Դարբինեաններու ջրելեկտրակայանի կառուցելու համար:
Դատախազութենէն «Ազատութեան» յայտնեցին, որ այդ գործով ներգրաւուած մեղադրեալներ չկան տակաւին: Անպատասխան է նաեւ այն հարցումը, որ եթէ վերջապէս հաստատուի, որ թանկարժէք սարքաւորումները նախկին քաղաքապետի ջրելեկտրակայան հասած են ապօրինի միջոցով, արդեօք անիկա որեւէ քրէական պատասխանատուութեան կը յանգեցնէ՞, յատկապէս հիմա, երբ Դարբինեանները արդէն վաճառած են այդ գոյքը, իսկ նոր սեփականատէրը տնօրէն նշանակած է վարչապետի եղբայրը: