Ամերիկեան եւ բրիտանական գաղտնի սպասարկութիւններու ղեկավարները վստահ են, որ Արեւմուտքին սպառնացող լրջագոյն երկարաժամկէտ վտանգը չինականն է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Լոնտոնի մէջ Բրիտանիոյ Ապահովութեան ծառայութեան («Էմ.Այ. 5») ղեկավարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Հետաքննութիւններու դաշնակցային գրասենեակի («ԷՖ.Պի.Այ.») տնօրէն Քրիսթըֆըր Ռայ:
«Մենք շարունակ կը տեսնենք, որ չինական կառավարութիւնն է, որ լրջագոյն երկարաժամկէտ սպառնալիք կը հանդիսանայ մեր տնտեսութեան եւ ազգային ապահովութեան: Չինական կառավարութիւնը հակում ունի գողնալու որեւէ (արեւմտեան) ճարտարագիտութիւն, որ կը նպաստէ ձեր ընկերութեան յաջողութեան, օգտագործելու զայն, վնասելու ձեր ընկերութիւնը եւ շուկային վրայ գերիշխանութիւն հաստատելու», յայտարարեց ան:
Ըստ Ռայիի՝ փորձագիտական շրջանակներու մէջ գոյութիւն ունեցող յոյսերը, թէ Չինաստանի տնտեսական զարգացումը վերջապէս պիտի յանգեցնէ այդ երկրի ժողովրդավարացման՝ արդարացած չեն: