
Համայնքային գործիչ եւ բարերար դոկտ. Մայք Սարեան առատաձեռնօրէն ստանձնեց Միւռոնօրհնէքին եւ անոր յաջորդած օրերուն տեղի ունեցած Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 25րդ եւ 27րդ ամեակններուն նուիրուած «Ասպարէզ»ի բացառիկ թիւի արտադրութեան, տպագրութեան եւ բաշխումի բոլոր ծախսերը։
Քանի մը շաբաթ առաջ տեղի ունեցած համայնքային ձեռնարկի մը ընթացքին, «Ասպարէզ»ը նման բացառիկ մը հրատարակելու նախաձեռնութիւնը քննարկեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հետ, եւ այս մասին լսելէ ետք, դոկտ. Սարեան անմիջապէս պատրաստակամութիւն յայտնեց հովանաւորելու այդ թիւը։
Դոկտ. Մայք Սարեան երկար տարիներ բեղուն գործակցութիւն ունեցած է շրջանիս զանազան համայնքային կազմակերպութիւններու հետ, ներառեալ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին եւ վերջերս ստանձնեց 100 լիբանանահայ աշակերտներու կրթաթոշակներու հովանաւորութիւնը, Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ «Սփիւռքի տարի» հռչակման առիթով։
Նաեւ, անցեալ Ապրիլին, դոկտ. Սարեան, ի պատիւ իր մօր՝ 100,000 տոլարի առատաձեռն նուիրատուութիւն մը կատարեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեցեւոյ «Խաթուն Սարեան» շրջափակը ծածկելու ծրագիրին:
Դոկտ. Սարեան նաեւ նուիրեալ զօրակցող մըն է Հայ Մշակութային հիմնարկութեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, ՀՕՄին եւ «Ասպարէզ»ին, ինչպէս նաեւ կենսական դերակատարութիւն ունեցած է բարգաւաճման մէջ «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանին, ուր նաեւ շաբաթական յայտագիր մը ունէր։
Հայկական լրատուական ցանցի վարչութեան եւ «Ասպարէզ»ի տնօրէնութեան, խմբագրութեան ու անձնակազմին կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնենք դոկտ. Սարեանին՝ հայ մամուլին նեցուկ կանգնելու իր աննկուն կեցուածքին համար։